Մոսկուա քննադատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ ՆԱԹՕի վեհաժողովին՝ Հայաստանի մասնակցութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին, անդրադառնալով ապահովութեան ոլորտին՝ յիշեցուց, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿի անդամ եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ բազմաթիւ երկկողմ համաձայնագիրներու կողմ կը հանդիսանայ:
«Երեւանի մտահոգութիւնները քննարկելու կառուցողական մօտեցումին փոխարէն, այնտեղ, դժբախտաբար, այլ ուղի ընտրած են», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Հայաստան կը գերադասէ մեծցնել փոխգործակցութիւնը ՆԱԹՕի կամ դաշինքի առանձին անդամներու հետ, յատկապէս ՆԱԹՕի չափանիշներու ներդրման, զէնքի գնման կամ համատեղ մարտական պատրաստութեան միջոցառումներ իրականացնելու գծով՝ առանց նկատի առնելու այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող այս ռազմաքաղաքական դաշինքի գագաթնաժողովին մասնակցիլը: Այս բոլորը ծայրայեղ ափսոսանքէն բացի ոչինչի կրնան յառաջացնել»: