Մոսկուան անհանգստացած է, որ, Երեւանի հաւանութեամբ, Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կրնայ դառնալ մնայուն։ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Մենք նաեւ մտահոգ ենք, որ, Երեւանի հաւանութեամբ, առաքելութիւնը ոչ միայն կ՛ընդլայնի, այլ կը սպառնայ ժամանակաւորէն դառնալ մնայուն: Ասկէ բացի, ինչպէս գիտէք, այս տարուան Ապրիլին առաքելութեան անձնակազմին մէջ յայտնուած են Գանատայի ներկայացուցիչները, ինչ որ տը ֆաքթօ (իրողապէս) կը նշանակէ ՆԱԹՕի սողացող ներթափանցում Հարաւային Կովկասի մէջ», յայտնեց Կալուզին, ըստ որուն, ռուսական կողմը Երեւանի եւ տարածաշրջանային այլ գործընկերներու հետ կապերուն ընթացքին մնայուն կերպով կը բարձրացնէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան թեման:
«Մենք կը շարունակենք համոզուած ըլլալ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն կրնայ ձեռք բերուիլ միայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-էն 2022 ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համապարփակ իրագործման հիման վրայ», աւելցուց Կազուլին:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ արեւմտականները կրնան հետախուզական տուեալներ հաւաքել ռուսական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ դրացի պետութիւններուն վերաբերեալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւս անդրադարձաւ արեւմտեան ներթափանցման մասին՝ խօսելով 15-էն 24 Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Eagle Partner 2024 խաղաղապահ ուժերու զօրավարժութիւններուն մասին:
Զախարովա դիտել տուաւ, որ Հայաստանը կը ներգրաւեն հակառուսական նախագիծերու մէջ, որոնք առաջին հերթին Ռուսիոյ դէմ են:
Ըստ անոր` այդ զօրավարժութիւնները ափսոսանքէն բացի այլ բանի չեն յանգեցներ: Անոնք տեղի կ՛ունենան Երեւանի կողմէ ՀԱՊԿի մէջ իր մասնակցութեան սառեցման եւ կազմակերպութեան հասցէին հրապարակային յարձակումներու լոյսին տակ:
«Ինչ խաղաղ, խաղաղարար նպատակներ ալ հռչակեն արեւմտականները, ակնյայտ է, որ գլխաւոր հարցը աշխարհաքաղաքական նախագիծերու համար հարթակ ստեղծելն է: Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկացիներուն յայտնուիլը միայն կը թէժացնէ տարածաշրջանին մէջ պահպանուող հակամարտութեան ներուժը եւ կը ստեղծէ նոր բաժանարար գիծեր», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ ամերիկացիները՝ զօրավարժութիւններու քօղին տակ, Հայաստանին կը պարտադրեն զինուած ուժերու ՆԱԹՕի չափանիշերը, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ Հայաստանի ապահովութեան ամբողջ համակարգի վերաձեւակերպման. անոր իբրեւ արդիւնք՝ ասիկա Արեւմուտքին յաւելեալ լծակներ պիտի տայ՝ ազդելու Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: