Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին աշխատանքային այցը Հայաստան ընդհանուր առումով բացասական տպաւորութիւն կը ձգէ։ Երէկուան մեր թիւով ներկայացուած Երեւանի մեր աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի մեկնաբանական յօդուածը այս առումով բարացուցական է արդէն։ Այնտեղ յստակօրէն կ՚երեւի, որ Թերի Տէյվիսը հետեւեալ ըսելաձեւերը օգտագործած է կամ շրջանցած՝ հայկական հարցերու մասին արտայայտուած ընթացքին։
Ա.- Արցախի իշխանութիւնները որակած է անջատողականներ։
Բ.- Անյարմար բաղդատական կատարած է Եւրոպական խորհուրդի ղարաբաղեան քաղաքականութեան նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան հնարաւոր փոփոխականութեան մասին մեր աշխատակիցի տուած հարցումին։
Գ.- Չէ օգտագործած «Ցեղասպանութիւն» բնութագրումը՝ բաւարարուելով անցեալի զոհերու մասին ակնարկութիւն կատարելով։ Աւելցուցած՝ պատմութիւնը կարելի չէ օրէնսդրական կարգաւորման ենթարկել։
Կէտերուն մէջ ներառելի չէ հայկական եւ ատրպեճանական կողմերուն հաւասարեցումի մօտեցումը։ Որքան ալ անարդար ըլլայ անիկա, քաղաքականօրէն բացատրելի է Եւրոպայի կողմէ շրջանին եւ յատկապէս Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ կիրարկուած քաղաքականութեան նկատառումով։
Առաջին եւ երրորդ կէտերու ընդգծումի նպատակը զանոնք հակադրելն է եւրոպական չափորոշիչներուն։ Երկրորդին մասին հակափաստարկներ շարադրելը անտեղի է։ Նշենք ու անցնինք բաղդատականին անյարմարութիւնը միայն։
Միեւնոյն Տէյվիսի երեւանեան առաքելութեան ընթացքին շեշտը կը դրուէր Եւրոպական խորհուրդի որդեգրած հողային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու համատեղումի մօտեցումին վրայ։ Տէյվիս ծանօթ է իբրեւ իրազեկ ղարաբաղեան թղթածրարին եւ ազատագրումի թէ բանակցութիւններու հանգրուաններուն։ Այդ հանգրուաններու ամէնէն հիմնական բաժիններէն մէկը ժողովրդավար հիմունքներով կայացած հանրաքուէն է, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումի իրաւական փաստագրումը։ Անջատողական որակումը ոչ միայն սխալ բառակապակցութիւն է այստեղ, այլ նոյնինքն եւրոպական չափորոշիչներուն անյարիր։ Ինքնորոշուած Արցախին այսօրուան իշխանաւորները յաչս եւրոպացի դէտերուն ընտրած են իրարայաջորդ իշխանութիւններ, որոնք բնական ու իրաւական ժառանգորդներն են ազգային ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ իր ճակատագիրը ճշդած արցախահայութեան։
Ճիշդ է, որ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններուն ընթացքին Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջը պայմանական ուժ չէ ստացած տակաւին։ Սակայն, Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական փաստացի իրողութիւն ոչ մէկ ձեւով խնդրոյ առարկայ դարձած է եւրոպական զանազան կառոյցներու կողմէ։ Տէյվիսի խուսափողական կեցուածքը չի համընկնիր այս իմաստով եւրոպական մօտեցումներուն հետ։ Տակաւին պատմութիւնը օրէնսդրական կարգաւորումներու չենթարկելու կոչը յար եւ նման է թրքական պետութեան յորդորներուն, որոնք առիթ չեն փախցուցած խորհրդարաններու օրակարգերէն դուրս բերելու համար ճանաչումի բանաձեւերու նախագիծերը եւ պատրուակած՝ Տէյվիսի որդեգրած այս թեզը։ Հարցը աւելին է այս պարագային, քան թրքական ժխտողականութեան նպաստող տեսութեան մը որդեգրումը։ Տէյվիս իր ա՛յս վարքագիծով փաստօրէն կը հակադրուի իր գլխաւորած կառոյցի անդամ այն պետութիւններուն, որոնց խորհրդարանները օրէնսդրական կարգաւորումի ենթարկած են պատմական արդարութեան մը վերականգնման պահանջը։
Ի պատասխան Թաթուլ Յակոբեանի հարցումին, թէ «արդեօք որեւէ փոփոխութիւն կա՞յ Եւրոպական խորհուրդի քաղաքականութեան մէջ Ղարաբաղի ընտրութիւնները գնահատելու առումով», Տէյվիս նախ յայտարարած է, որ կը նախընտրէ լուռ մնալ եւ ապա կատարած անտեղի բաղդատականներ։ Լաւ կ՚ըլլար, որ ընդհանրապէս մնար առաջին նախընտրութեան վրայ։
«ԱԶԴԱԿ»
Նոյեմբեր 7, 2007