ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Հիւանդանոցներու տուեալներուն եւ ականատեսներու համաձայն, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ին Մոկատիշուիի հիւսիսային շրջաններուն մէջ սոմալցի զինեալներու եւ իբրեւ խաղաղապահ Մոկատիշու հաստատուած եթովպիական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած ծանր բախումներու ընթացքին, առնուազն 50 հոգի սպաննուած է, մեծամասնութեամբ քաղաքային: Վիրաւորուած են 100է աւելի ուրիշներ: Բախումները ամենամահացուն էին անցեալ Ապրիլէն ի վեր, երբ Սոմալիի իշխանութեանց ապահովական ուժերուն եւ ապստամբներու միջեւ բախումները մօտաւորապէս 1700 զոհ խլած էին:
Նկարին մէջ, սոմալցիներ կը բողոքեն եթովպիացի զինուորներուն դէմ: