
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքացիական ապահովութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու տեղակալ Ուզրա Զէյա «Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչը պիտի աշխատի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Ան այս մէկը նկատեց ողջունելի զարգացում մը, նաեւ ողջունելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանական-քաղաքացիական եւ ապահովական գործակցութեան խորացում:
«Ասիկա Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան փուլ թեւակոխելու պատմական փաստ է», ըսաւ Զէյա:
Տակաւին Ապրիլին, «Ազատութեան» հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն ըսած էր, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ խորհրդական մը պիտի ունենան: «Ան պիտի նստի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ օգնելու զարգացնել կարողութիւնները, յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստան շահագրգռուած է ընդլայնել իր մասնակցութիւնը խաղաղապահութեան եւ այլ խաղաղ նախաձեռնութիւններու վերաբերող աշխատանքներուն», ըսած էր Քվիըն:
Պատասխանելով «Հետք»ի այն հարցումին, որ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿի անդամակցութիւնը արդեօք կը խոչընդոտէ՞ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմական համագործակցութեան խորացումը՝ Զէյա ըսաւ. «ՀԱՊԿին՝ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը կ՛որոշէ բացառապէս Հայաստանի կառավարութիւնը: Մենք կը յարգենք այդ որոշումը: Նշեմ, որ մեր համագործակցութիւնը պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական ապահովութեան գծով կը շարունակէ խորանալ, իսկ Հայաստան կը մնայ ՀԱՊԿի անդամ: Երրորդ եւ վերջին դիտարկումս՝ չկայ որեւէ փաստարկ, որ Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»:
Յիշեցնենք, որ Զէյա Երեւան հասաւ 13 Յուլիսին: Այս օրերուն Հայաստանի մէջ կ՛ընթանան «Արծիւ գործընկեր-2024» Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ միացեալ զօրավարժութիւնները, որոնց Մոսկուա կոշտ արձագանգեց:
ՌՈՒՍԻԱ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատելու համար Միացեալ Նահանգներու բանակի ներկայացուցիչի մը նշանակումը Մոսկուայի հետ կապերը խզելու ուղղութեամբ պաշտօնական Երեւանի կողմէ հետեւողական քայլ է, Gazeta.Ru-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին:
«Այն, ինչը նախապէս գաղտնի էր, այժմ բացայայտ է: Վստահ եմ, որ այս յայտարարութենէն առաջ ալ Փաշինեանի կառավարութիւնը Ռուսիոյ հետ ռազմական գործակցութեան գծով ամէն ինչ յայտնած է Արեւմուտքի իր նոր գործընկերներուն: Հիմա այդ մէկը այլեւս չեն կրնան ծածկել, եւ ինքնին՝ այդ ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտնուիլը: Ռուսիոյ սպառնացող վտանգը այն է, որ Փաշինեանի ներկայի իշխանութիւնը աշխոյժ ջանք կը տանի՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն գիտակցութիւնը վերափոխելու եւ անոնց հաւատացնելու, որ Արեւմուտքը պիտի օգնէ իրենց, իսկ Ռուսիա իրենց թշնամին է: Թէեւ այդպիսի բան ուղղակի չ՛ըսուիր: Ինչ կը վերաբերի ռազմական ոլորտին մէջ ամերիկացիներուն եւ Արեւմուտքի հետ ներկայի համակարգման, ասիկա դաւաճանական ընթացքին ծիրին մէջ միանգամայն հասկնալի են հետեւողական քայլերը՝ խզել կապերը Ռուսիոյ, յետ-խորհրդային տարածքին հետ եւ անցնիլ Արեւմուտքի թեւին տակ», ըսաւ Զատուլին:
Ան ունի այն կարծիքը, որ Ռուսիա պէտք է «խոր եզրակացութիւններ» կատարէ Հայաստանի որոշման գծով: Ըստ անոր՝ Մոսկուա, օրինակ, կրնայ զգուշացնել, որ պիտի դատապարտէ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ ցուցարարներուն ճնշումները:
«Հիմա Հայաստան կը գտնուի խաչմերուկի վրայ. հակառակ անոր որ Փաշինեան կը պահպանէ խորհրդարանական մեծամասնութեան կարելիութիւնը մինչեւ 2026, բայց մենք գիտենք Հայաստանի մէջ բողոքի շարժումներուն մասին: Մենք կրնանք խստօրէն զգուշացնել, որ ցուցարարները ճնշելու միտումը կը դատապարտուի մեր կողմէ եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ», նշեց Զատուլին:
Ան աւելցուց նաեւ, որ հետագային Հայաստանի ղեկավարութիւնը կրնայ բարձրացնել ռուսական 102րդ ռազմակայանի հարցը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա եւս անդրադարձաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ զօրավարժութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Հայաստանի ապագային նկատմամբ:
«Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն ընդարձակել փոխգործակցութիւնը ՆԱԹՕի հետ. տարօրինակ պատմութիւն է, անշուշտ: Անոնք Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցան դաշինքի վեհաժողովին եւ միացեալ զօրավարժութիւններ կը կատարեն: Վառ օրինակ են Eagle Partner 2024 զօրավարժութիւնները, որոնք այժմ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Ասիկա ոչ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլ նաեւ մտահոգութիւն՝ Հայաստանի ապագային նկատմամբ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ չէ, որ այդպիսի մեքենայութիւններ կը կատարեն բազմաթիւ երկիրներու հետ: Դուք լաւ գիտէք, թէ անիկա ինչպէս կ՛աւարտի՝ կ՛օգտագործուին, ապա մէկդի կը նետուին», ըսաւ Զախարովա:
Ան նաեւ նշեց, որ խորացնելով գործակցութիւնը այն երկիրներուն հետ, որոնց նպատակը Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւնն է, Երեւան կը սպառնայ լրջօրէն ապակայունացնել իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, նաեւ՝ ի վնաս իր սեփական ապահովութեան: