
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ «Նոր Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Westin Carlsbad Resort պանդոկին սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5480 Grand Pacific Dr, Carlsbad, CA 92008։
Եկեղեցւոյ նոր համալիրի կառուցման երկրորդ հանգրուանին ծախսերը ապահովելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկին պիտի մասնակցին հանրածանօթ անձնաւորութիւններ եւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Allen G. նուագախումբին։ Հանդիսավարըն է Զենի Գալայճեան, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբին համաատենապետները՝ Քեթի Քասարճեան եւ դոկտ. Աննա Քիւլիւճեան։
Մասնակցութեան սակը 250 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու, տոմսեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութիւններու ծանօթանալու համար դիմել (619) 284-7179 եւ (858) 674-5541 թիւերուն կամ այցելել stsarkischurchsd.com/donate կայքէջը: