Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիա Հայաստանը կը նկատէ եղբայրական երկիր եւ յոյս ունի, որ անիկա չընտրեր այն ուղին, զոր ժամանակին ընտրած էր Ուքրանիա:
Ըստ «Թասս»ի՝ Փեսքով ըսաւ, որ Քրեմլին յարգանքով կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի գործակցութեան ընդլայնման նկատմամբ, բայց յոյս ունին, որ անիկա չի վնասեր Մոսկուայի հետ Երեւանի յարաբերութիւններու զարգացման:
«Հայաստան ինքնիշխան երկիր է, ինք կ՛ընտրէ փոխգործակցութեան առաջնահերթ ուղիները: Հայաստան մեր դաշնակիցն է, եղբայրական երկիր է: Մեր յոյսը Հայաստանի քաղաքական իմաստութիւնն է: Մենք յարգանքով կը վերաբերինք այսպիսի փնտռտուքներու եւ չէինք փափաքեր, որ այդ որոնումները կատարուին այնպէս, ինչպէս ժամանակին ըրած էր Քիեւի վարչակազմը, այսինքն` «կա՛մ–կա՛մ» սկզբունքով: Քաղաքական տեսլականի այլընտրանքի բացակայութիւնը այն չէ, ինչը մենք կը փափաքէին տեսնել», մեկնաբանեց Փեսքով` անդրադառնալով Հայաստանին 10 միլիոն եուրոյի սպառազինութեան օգնութիւն տրամադրելու՝ Եւրոպական Միութեան որոշումին։
Ան նաեւ հաստատեց, որ Ռուսիա մտադիր է զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։
Եւրոպական Միութեան այս որոշումին մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ ըսելով. «Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի բանակին 10 միլիոն եուրօ յատկացնելու որոշումը բացառապէս Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը ապակայունացելու աշխարհաքաղաքական նպատակ կը հետապնդէ։ Հայաստանի զինուած ուժերուն աջակցելու համար 10 միլիոն եուրօ ուղարկելու՝ Եւրոպական Միութեան ծրագիրներուն ետին, անշուշտ, Եւրոպական Միութեան աշխարհաքաղաքական հաշիւները կան` իրենց կործանարար ազդեցութիւնը այս տարածաշրջանին, այսինքն` Անդրկովկասի մէջ տարածելու համար: Ուքրանիոյ օրինակէն կ՛երեւի, որ, այսպէս կոչուած, Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը խաղաղութեան, կայունութեան, ապահովութեան մասին չէ, այլ` պատերազմի, երկիրները հրահրելու, արիւնահեղութեան մասին»։
Ըստ Զախարովայի` «տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան համար ոչ մէկ լաւ բան պիտի բերէ Արեւմուտքին` «բաժնէ եւ տիրէ», «հրահրէ եւ պառակտէ», ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասը զէնքով լեցնելու սկզբունքները»: