Մոսկուա պատրաստ է Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներուն բանակցութիւններու հարթակ տրամադրել` անոնց համար ստեղծելով առաւելագոյն յարմարաւէտ պայմաններ, 24 Յուլիսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ նշելով, որ Մոսկուա մէկ անգամ չէ, որ հիւրընկալած է Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութեան հանդիպումներ՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը նախագիծին շուրջ:
Ըստ Զախարովայի՝ կողմերուն միջեւ խաղաղութեան հաւասարակշռուած համաձայնագիր մը կնքելը Ռուսիա կը նկատէ անփոխարինելի նախապայման տարածաշրջանին մէջ անքակտելի ապահովութեան ճարտարապետութեան կառուցման համար:
Ռուսիոյ առաջարկին արձագանգեց Պաքու՝ նշելով, որ Ատրպէյճան միշտ պատրաստ եղած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններու Ռուսիոյ կամ այլ վայրերու մէջ։ Ըստ «Թասս»ի ՝ այս հաստատումը կատարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` մեկնաբանելով կողմերուն հանդիպման համար հարթակ տրամադրելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը: