
ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կացութիւնը սրող հռետորաբանութեան մէջ ներգրաւելու փորձերը անընդունելի նկատեց՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան 25 Յուլիսի յայտարարութեան, ըստ որուն, վերջին շրջանին, հայկական ուժերը իբր թէ ծանր զինատեսակներ կը կիրարկեն Քարվաճառի, եւ անօդաչու սարքեր՝ Թովուզի ուղղութեամբ:
«Եթէ նման սադրիչ գործողութիւնները չդադրին, ինքնապաշտպանութեան նպատակով Ատրպէյճանի բանակի զինանոցին մէջ գտնուող բոլոր միջոցներու օգտագործումով համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկուին», կը սպառնայ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Երեւան յիշեցուց, որ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան՝ Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ գործիքակազմ մը յառաջացնելու՝ հայկական կողմին առաջարկը Ատրպէյճանի կողմէտակաւին անարձագանգ կը մնայ: «Նման մեխանիզմի (գործիքակազմի) գործարկումը հնարաւորութիւն կը տար պարզաբանել ցանկացած իրավիճակ եւ կը կանխարգելէր իրականութեանը չհամապատասխանող տեղեկութիւնների տարածումը», յայտարարեց Բադալեան:
Պաքու նաեւ մեղադրեց արեւմտեան պետութիւնները՝ Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելուն մէջ։ «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զօրավարժութիւնները, Ֆրանսայի՝ Հայաստանին մահաբեր զէնքեր տրամադրելը եւ Եւրոպական Միութեան՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի քօղին տակ Երեւանին 10 միլիոն եուրոյի ռազմական օգնութիւն տրամադրելը կ՛ոգեշնչեն բռնագրաւող Հայաստանը՝ նոր սադրանքներու դիմելու եւ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու», յայտարարեց Պաքու:
Միւս կողմէ, Բադալեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի այդ ռազմավարութենէն:
Անդրադառնալով Հայաստանի բանակի բարեփոխումներուն, սպառազինութեան եւ սարքերու ձեռքբերման՝ Բադալեան նշեց, որ մարտունակ բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է։
«Բանակի բարեփոխումների գործընթացում Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործում է բացառապէս միջազգային իրաւունքի շրջանակներում: Նաեւ յիշեցնում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակային Ադրբեջանին առաջարկել է սպառազինութիւնների վերահսկման փոխադարձ մեխանիզմ ստեղծել եւ համապատասխան պայմանագիր կնքել, ինչը նոյնպէս Ադրբեջանը թողել է անպատասխան: Չնայած սրան, նաեւ այս առաջարկն է շարունակում մնալ ուժի մէջ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: