
Թուրքիա կրնայ Իսրայէլ մտնել, ինչպէս նախապէս այդպիսի բան ըրաւ Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարեց այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան այսպէս մեկնաբանեց Կոլանի բարձունքներուն վրայ հրթիռներով յարձակումէն ետք Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ իրավիճակի վատթարացումը:
«Մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ չկարենայ Պաղեստինի հետ ընել այն սարսափելի բաները, զորս կ՛ընէ: Ինչպէս մենք մտանք Ղարաբաղ, այնպէս, ինչպէս մտանք Լիպիա, նոյնը կրնայինք ընել անոնց հետ», յայտարարեց Էրտողան Ռիզէ քաղաքին մէջ իր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին:
Էրտողան աւելցուց, որ «չկայ պատճառ մը, որ Անգարային թոյլ չտայ այդ մէկը ընելու», սակայն չյստակացուց, թէ ի՛նչ միջամտութեան մասին է խօսքը Իսրայէլի պարագային:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը արձագանգեց Էրտողանի յայտարարութեան՝ ըսելով, որ Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման վերաբերող ռազմական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորական անձնակազմի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են»։
«Թուրքիա եւ Փաքիստան քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ատրպէյճանին, եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմաթիւ անգամներ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց: Պատերազմին ընթացքին շուրջ 3000 ատրպէյճանցի զինուորականներ նահատակուեցան. հակաահաբեկչական գործողութիւններուն զոհուեցան 204 անձեր: Այլ երկիրներու զինուած ուժերը չմասնակցեցան մարտերուն», նշեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին պատասխանեց Էրտողանի յայտարարութեան՝ նշելով, որ Թուրքիոյ նախագահը կրկնայ կրկնել Իրաքի ղեկավար Սատամ Հիւսէյնի ճակատագիրը. ան Իրաքը ղեկավարեց 1979էն 2003, իսկ 2006ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ:
«Էրտողան կ՛ընթանայ Սատամ Հիւսէյնի հետքերով եւ կը սպառնայ յարձակիլ Իսրայէլի վրայ: Պարզապէս յիշեցէք, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ հոն` Իրաքի մէջ, եւ անիկա ինչպէ՛ս աւարտեցաւ», «Էքս»ի վրայ գրած է Քաց։
Ան իր գրառումին կողքին տեղադրած է երկու լուսանկարներէ կազմուած նկար մը. մէկուն մէջ կ՛երեւի Էրտողան՝ արեւի ակնոցներով եւ Պաղեստինի եւ Թուրքիոյ դրօշներու գոյներով վզկապով, միւսին մէջ՝ Սատամ Հիւսէյն՝ երկար մօրուքով եւ խառն մազերով: Երկրորդ լուսանկարը առնուած է 2003ին` ամերիկացի զինուորականներուն կողմէ մինչ այդ տապալած Հիւսէյնը ձերբակալելէ անմիջապէս ետք։