
Թուրքիոյ Քընալը կղզիի շուկային մէջ հայ համայնքի յայտնի ներկայացուցիչ Կարօ Գաբրիէլեան յարձակումի ենթարկուեցաւ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Կը նշուի, որ յարձակումին ընթացքին, Գաբրիէլեանի հասցէին իր ազգութեան վերաբերող խտրական վիրաւորանքներ հնչեցին:
Գաբրիէլեան յայտնեց, որ յարձակումին պատճառով իր մատը կոտրած է եւ դէմքին հարուածներու հետքեր կան: Ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ ձեռնարկած են միջոցներու եւ գործը պիտի ուղարկուի դատախազութեան:
Յարձակումը դատապարտեց Պոլսոյ հայկական Սուրբ Կետիք փաշա եկեղեցին: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կը դատապարտեն այդ տհաճ եւ ցեղապաշտական յարձակումը եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Գաբրիէլեանին: