Սահմանազատուած Կիրանց գիւղով անցնող միջպետական ճամբան առաւել քան 20 օրեր փակ մնալէ ետք, արդէն բաց է: Ճամբուն նոր հատուածին` Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի պատի տարածքին մէջ շինարարութիւնը աւարտին կը մօտենայ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ այս նոր ճամբան կառուցուեցաւ, որովհետեւ դրացի Խէյրիմլիի հետ սահմանազատման պատճառով Կիրանցը կորսնցուց գիւղին կամուրջը, որ միջպետական ճամբուն մաս կը կազմէր: Սակայն, նոր ճամբով երթեւեկը տակաւին աշխոյժ չէ: Մարդիկ այլընտրանքային` Աճարկուտի ճամբով կ՛երթեւեկեն։ Գիւղացիները, որոնք չուզեցին նկարուիլ, ըսին, թէ շատեր նոյնիսկ տեղեակ չեն, որ նոր ճամբան կը գործէ։
Անոնց մէկ մասը համոզուած չէ, որ ճամբան նախկինին պէս աշխոյժ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անիկա ճիշդ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եզրով կ՛անցնի:
Մինչ այդ, կառավարութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չյայտարարեց ճամբուն գործարկման մասին:
Փաշինեան 2 Օգոստոսին արդէն այցելեց Տաւուշի մարզը` ծանօթանալու 2023ին իրականացուած եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներուն:
Սակայն, նոր ճամբուն կառուցումը գիւղացիներուն տրամադրութիւնները չի փոխեր. մարդիկ կը շարունակեն դժգոհիլ սահմանազատման հետեւանքներէն: Անոնք գիւղին մէջ ապահով չեն զգար, հակառակ կառուցուած պատին։
Սահմանազատման պատճառով Կիրանցի մէջ շուրջ երեք տասնեակ ընտանիքներ հողակտորներ եւ տուներ կորսնցուցին: Գիւղին մէջ նաեւ կը մերժեն խօսիլ, թէ իրենցմէ քանին ընդունեց կառավարութեան առաջարկած փոխհատուցումը, քանին՝ մերժեց: Կառավարութիւնը իր կարգին չի բացայայտեր` պատճառաբանելով, թէ անիկա գաղտնի տեղեկութիւն է:
Իրենց սեփականութիւնը կորսնցուցած գիւղացիներէն ոմանք՝ դարձեալ չնկարահանուելու պայմանով, կը դժգոհին, որ փոխհատուցման գործընթացը կը ձգձգուի: