14էն 16 Օգոստոսին, Նովոսիպիրսքի մէջ տեղի պիտի ունենան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Քոպալթ-2024» զօրավարժութիւնները` Ռոսկվարտիայի ղեկավարութեամբ: Այս մասին «Թասս»ին յայտնեց Ռոսկվարտիայի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստան զօրավարժութիւններուն պիտի չմասնակցի: Յայտարարուեցաւ, որ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Տաճիկիստանի եւ Խըրխզիստանի շահագրգիռ նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները:
Երեք օրերուն ընթացքին, զօրավարժութիւններուն մասնակցողները փորձառութիւններու փոխանակումներ պիտի կատարեն եւ պիտի բարելաւեն յատուկ նշանակութիւն ունեցող ստորաբաժանումներուն միջեւ գործակցութեան հմտութիւնները:
ՀԱՊԿի արագ արձագանգման հաւաքական ուժերուն մաս կազմող ստորաբաժանումները գործնական հմտութիւններ պիտի ստանան անօրինական զինուած խմբաւորումներու որոնման, յայտնաբերման եւ ոչնչացման միատեղ գործողութիւններով:
Օգտագործելով օդային եւ անօդաչու թռչող սարքեր` յատուկ ջոկատայինները պիտի փորձեն գրոհել շէնքեր եւ ինքնաշարժներ, ազատել պատանդներ եւ վնասազերծել գրոհայինները: