Դաւթաշէնի մէջ, շրջանի բնակիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազան ահազանգեց, որ այս իշխանութիւններուն զիջողական քաղաքականութիւնը եւ ընթացքը անկասելի է։ «Երկու օր առաջ նեռը հանդիպել էր Բերքաբերի ժողովրդին եւ դարձեալ պետութեան ամբողջ սահմանի կառուցուածքը, պետութեան գոյութիւնը դրել էր մի քանի գիւղացիների ուսերին, որպէս պարտաւորութիւն ու պատասխանատուութիւն: Սա խաբէութիւն է, երբ մարդն ամբողջ հայրենիքի գոյութեան պատասխանատուութիւնը դնում է մի քանի գիւղացիների ուսերին», ըսաւ Բագրատ սրբազանը։
Ան դիտել տուաւ, որ յաջորդին միջերկիրները պիտի յանձնուին, ապա՝ Սիւնիքը:
«Նեռը պէտք է հեռանայ մեր կեանքից, չարիքը պէտք է հեռանայ մեր կեանքից: Բարիքը պէտք է յաղթի, բարիքի ձգտող ժողովուրդը չի կարող չարիքի պաշտամունք ունենալ: Էդ անպէտք կուռքի մասին Սուրբ Գիրքն է խօսում, որ կուռքեր սարքեցիք մարդկանց կերպարանքներով կամ այլ տեսքով եւ սկսեցիք պաշտել: Եւ դա չարիքի ամենամեծ արտայայտութիւնն է մեր կեանքում», ըսաւ սրբազանը։