

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով կը նախատեսուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան 2024ի պետական պիւտճէով յատկացուած միջոցներու հաշիւին մէջ կատարել վերաբաշխում՝ 137,095.4 հազար դրամ գումարի չափով՝ «Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոն»ին համար՝ Հանրի Վերնէօ 3 հասցէին վրայ կառուցուած նոր շէնքի ներքին յարդարման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Երուանդ Մանարեանի արձանի պատրաստութեան եւ տեղադրման աշխատանքներու եւ յարակից ծառայութիւններու ձեռքբերման նպատակով:
Որոշումին ընդունման իբրեւ արդիւնք պիտի ամբողջականացուին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի նոր շէնքին պայմաններ ստեղծելու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Երուանդ Մանարեանի 100ամեակին նուիրած ձեռնարկները: