Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ վստահ չէ, թէ Նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն ետք իշխանութեան խաղաղ փոխանցում տեղի պիտի ունենայ:
Պայտըն «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով իշխանութեան խաղաղ փոխանցման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ յայտնեց. «Եթէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յաղթէ, ոչ, բնաւ վստահ չեմ, ըսել կ՛ուզեմ, եթէ Թրամփ պարտուի, բնաւ վստահ չեմ»:
Իբրեւ մտահոգութեան հիմնաւորում՝ Պայտըն մէջբերեց Թրամփի յայտարարութիւնները, որ «եթէ ինք պարտուի, ապա ընտրութիւնը գողցուած պիտի ըլլայ»:
«Ան լուրջ կը խօսի, սակայն մենք անոր լուրջ չենք վերաբերիր… Բոլոր խօսքերը, թէ «եթէ պարտուինք, արիւնահեղութիւն պիտի ըլլայ, գողցուած ընտրութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ Պակտըն` մէջբերելով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը:
Թրամփ Մարտին նախազգուշացուցած էր, որ եթէ 2024ի նախագահական ընտրութեան պարտուի, անիկա «արիւնահեղութիւն» պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ինքնաշարժի արդիւնաբերութեան եւ երկրին համար:
Պայտըն զգուշացուց, որ Թրամփ կը պատրաստուի դարձեալ վիճարկելու նախագահական ընտրութեան արդիւնքը, ճիշդ ինչպէս ըրաւ 2020ին:
«Դուն չես կրնար երկիրդ սիրել միայն այն ատեն, երբ կը յաղթես», ընդգծեց Պայտըն: