Համազգայինի մշակութային մեր նոր կեդրոնի գնման ցնծալի յայտարարութիւնէն ետք, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ սկսած է իր Building Blocks-ի նոր ձեռնարկութեան՝ հրաւիրելով համայնքի զաւակները մասնակցելու 500ական տոլարի հանգանակութեան ծրագիրին, որ կը նպաստէ «Մշակոյթի եւ Արուեստի Կեդրոնի» գնումին եւ վերանորոգման:
Նոր կեդրոնը, որ շուտով կը դառնայ մեր համայնքի մշակութային եւ արուեստի գործունէութեան կեդրոնատեղին, նշանակալից հանգրուան է արեւմտեան շրջանիս՝ հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու մեր առաքելութեան գոյերթին մէջ: Նոր կեդրոնի կառուցումով կարելի պիտի ըլլայ կրկնապատկել Համազգայինի հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերու եւ միաւորներու գործունէութիւնը, աշխատանքի աւելի յարմար պայմաններ ընձեռելով տարուան բոլոր եղանակներուն:
Յատուկ խնդրանքով կը դիմենք մեր սիրելի ժողովուրդին՝ միանալու մեր Building Blocks դրամահաւաքին, տասնեակ տարիներու երազի մը իրականացումը միասնաբար տեսնելու համար: Հանգանակութեան այս արշաւին մասնակցիլը ցուցանիշը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին քաջալերանքին ու զօրակցութեան, հաւատքի հաւաքական ջանքերուն եւ նուիրուածութեան, որոնք պիտի սատարեն մեր մշակութային ընդհանուր ժառանգութեան պահպանման:
Նուիրատուութիւն կարելի է կատարել.
Առցանց կամ Փոստարկղով (չէքերը ուղարկել՝ Hamazkayin 350 N. Glendale Ave., Suite 155, Glendale, CA 91206):
Հեռաձայնելով՝ (800) 778-5674 թիւին:
Այս հանգանակութիւնը պիտի երկարի յառաջիկայ երկու տարիներուն վրայ եւ կարելի է նաեւ նուիրել ամսական դրութեամբ: Ուրախ առիթներով. կամ ի յիշատակ ձեր հարազատին, կարելի է դառնալ հովանաւոր Building Blocks-ի մը: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր ուշադրութիւնը եւ յոյս ունինք, որ դուք կրնաք միանալ մեզի այս կարեւոր գործին:
Ձեր մասնակցութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը մեծ պարգեւ է հայ մշակոյթին եւ անոր վերելքին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ