Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Իրաւապաշտպաններու իրավիճակի գծով յատուկ զեկուցող Մերի Լօուլոր լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի մէջ վեց իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու ձերբակալութեան եւ հետապնդման գծով: Ըստ «Արմէնփրէս»ին՝ այս մասին կ՛ըսուի ՄԱԿի կողմէ տարածուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
«Վերջին ամիսներուն ես ականատես եղայ Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւններու եւ քրէական գործերու տագնապալի ալիքին», նշեց Լօուլորը՝ աւելցնելով, որ ինք կառավարութեան առջեւ հարց բարձրացուցած է այդպիսի երկու դէպքերու մասին, որոնք այս մտահոգիչ միտումին մաս կը կազմեն: Ըստ անոր՝ փտածութեան դէմ հետաքննութիւնները, ընտրութիւններու անկախ դիտարկումը եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութիւնը բոլորն ալ օրինական աշխատանք են մարդու իրաւունքներու գործունէութեան ոլորտին մէջ, սակայն այս աշխատանքին եւ խօսքի ազատութեան կիրարկման համար հաշուեյարդարը մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում է: Ան յատկապէս անհանգստութիւն յայտնեց Abzas Media գրասենեակէն եւ ձերբակալուած լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու տուներէն ելեկտրոնային սարքերու եւ փաստաթուղթերու գրաւման նկատմամբ, որ կրնայ վտանգի ենթարկել փտածութեան դէմ հետաքննութեան անոնց աղբիւրները: Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սահմանափակած են նաեւ ձերբակալուածներուն յարաբերութիւնը փաստաբաններու եւ որոշ պարագաներու՝ անոնց ընտանիքներուն հետ:
«Ատրպէյճանի կողմէ Մամետլիի գործով աւելի քան վեց տարի արդարութիւնը չվերականգնելը կը բացայայտէ երկրին մէջ արդիւնաւէտ պաշտպանութեան միջոցներու բացակայութիւնը եւ մտավախութիւն կը յառաջացնէ, որ իրաւապաշտպաններու իրաւունքներու խախտումները կրնան կրկնուիլ», ընդգծեց Մերի Լօուլոր՝ շեշտելով, որ ինք չի փափաքիր միջամտել դատական ??գործընթացին, բայց կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ երաշխաւորելու, որ հետաքննութիւնը բոլորովին համապատասխանէ մարդու իրաւունքներու իր պարտաւորութիւններուն:
«Ատրպէյճանի մէջ բոլոր իրաւապաշտպանները եւ լրագրողները պէտք է կարենան աշխատիլ ազատ եւ ապահով միջավայրի մը մէջ՝ առանց ահաբեկման եւ ոտնձգութիւններու», եզրափակեց Լօուլոր: