8րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքին վերաբերեալ պաշտօնական Մոսկուայի կոշտ յայտարարութենէն ժամեր ետք, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, թէ անիկա արդէն վերախմբագրուած է:
Ըստ հանրակրթութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեանի` 19րդ դարուն սկիզբը, Արեւելեան Հայաստանի` Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ անցնելու նիւթէն հեռացուած է «բռնակցում» բառը:
«Առաջարկուել է վերանայել այդ մօտեցումն, ու հեղինակային խումբը վերնագրի ձեւակերպումը վերանայել է եւ համապատասխանեցրել է այն ձեւակերպումներին, որն ունենք Հայոց պատմութիւն առարկայի առարկայական ծրագրում», ըսաւ Սարգսեան:
Դասագիրքին մէջ ռուս-պարսկական պատերազմներէն ետք, 19րդ դարու սկիզբը, Գիւլիստանի ու Թուրքմէնչայի պայմանագիրներով, Արեւելեան Հայաստանի գաւառներու անցումը Ռուսական կայսրութեան՝ ներկայացուած էր իբրեւ ռուսական բռնակցում:
Արդեօք վրիպակի՞, թէ անուշադրութեան արդիւնք էր դասագիրքին` աղմուկ հանած հատուածը՝ հարցումին իբրեւ պատասխան Սարգսեան ըսաւ. «Ոչ այնքան վրիպում էր, որքան գուցէ հարցն այդ տեսանկիւնից չէին դիտարկել»:
Սակայն, Սարգսեան չպարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ վերախմբագրման մասին հրապարակաւ խօսեցան միայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կոշտ քննադատութենէն ետք: Ան պնդեց, որ փոփոխութեան պատճառը իրենց ստացած բողոքներն են: Սարգսեան չյստակացուց, թէ արդեօք ռուսական կողմը աւելի կանուխ` ոչ-հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս իր դժգոհութիւններուն մասին յայտնա՞ծ է:
Դասագիրքի համահեղինակ Սմբատ Յովհաննիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ անցեալ ամիսներուն, մասնագէտներու բազմակի ստուգումներէն եւ փորձագիտական յանձնաժողովի դիտարկումներէն ետք է որ դասագիրքին նախնական տարբերակը փոփոխուած է. աղմուկին պատճառ դարձած հատուածը, որ վերնագրուած էր «Արեւելեան Հայաստանի Բռնակցումը Ռուսաստանին», հիմա դարձած է պարզապէս «Արեւելեան Հայաստանը Եւ Ռուս-պարսկական Պատերազմները»: Յովհաննիսեան այսքանով սահմանափակուեցաւ եւ այլ հարցումներու չպատասխանեց:
Նշենք, որ օր մը առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «պատմութիւնը վերաշարադրելու անամօթ եւ ընդհանուր անցեալը խեղաթիւրող աննրբանկատ փորձ» նկատեց դասագիրքի, չուղղուած տարբերակը:
«Կասկածի տակ դնել Ռուսական կայսրութեան, հետագային ալ՝ ԽՍՀՄի եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայիս Հայաստանի ձեւաւորման մէջ, կը նշանակէ դէմ կանգնիլ ընդհանուր առմամբ յայտնի փաստերուն: Խօսքը մեր ընդհանուր պատմութիւնը վերաշարադրելու կրկնուող անամօթ փորձին մասին է», յայտարարեց Մոսկուա՝ յուսալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թոյլ չեն տար, որ այդ բովանդակութեամբ դասագիրքը մտնէ դպրոցները: