Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ատրպէյճան տուած այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա կը փափաքի մասնակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Բոլորին համար յստակ է, որ Ռուսիա նոյնպէս կը բախի ճգնաժամերու, որոնց կարգին՝ առաջին հերթին ուքրանական ուղղութեամբ, բայց Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ պատմական ներգրաւուածութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն, մեզի կը թելադրէ այդ իրադարձութիւններուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, անշուշտ, այնքան, որքան պահանջուած պիտի ըլլայ կողմերէն», ըսաւ Փութին։
Ան ընդգծեց, որ բանակցութիւններուն՝ Մոսկուայի միջնորդութիւնը պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ պահանջուած չափին համաձայն:
Ալիեւ, որ նախորդ տարիներուն բազմաթիւ միջնորդական հարթարկներ մերժեց՝ պնդելով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու ուղիղ ձեւաչափը, ռուս պաշտօնակիցին առաջարկին հրապարակաւ չարձագանգեց, փոխարէնը Պաքուի դիրքորոշումը դրսեւորեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` յայտարարելով, թէ վերջին շրջանին Մոսկուայի հարթակը կը մերժուի հայկական կողմէ:
«…Բանակցային գործընթացի իրականացման ձեւաչափին բաց ենք: Այդ նպատակով մենք կ՛օգտագործենք ուղիղ երկկողմ ձեւաչափ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Մենք երբեք չենք հրաժարած նաեւ տարբեր հարթակներ: Ռուսիոյ հարթակը մեզի համար միշտ ընդունելի եղած է եւ, բնականաբար, այսուհետեւ եւս մենք պատրաստ ենք օգտագործել տուեալ հարթակը. վերջին շրջանին Երեւանն է, որ անհամաձայնութիւն յայտնեց այդ հարթակին», շեշտեց Պայրամով։

Մոսկուայի միջնորդութիւնը վերականգնելու մասին Փութինի յայտարարութենէն վայրկեաններ ետք ռուսական «Իզվեսթիա» պարբերականը հրապարակեց Պայրամովի վերոնշեալ յայտարարութիւնը։
Երեւան տակաւին չարձագանգեց Պաքուի այդ պնդումներուն:
Մինչ այդ, Փութին խոստացաւ իր եւ Ալիեւի բանակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին պատմել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
«Եթէ մենք կարենանք բան մը ընել, որպէսզի հասնինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, գործը հասցնենք սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ խօսած ենք ձեզի հետ, ապաշրջափակենք միջոցներու տնօրինման եւ տնտեսութեան համապատասխան ուղղութիւնները, շատ ուրախ պիտի պիտի ըլլանք», յայտարարեց Փութին:
Նախքան Փութինի Պաքու այցելութիւնը Քրեմլին յայտարարած էր, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի ըլլայ Ալիեւի եւ Փութինի բանակցութիւններու քննարկման գլխաւոր հարցերէն մէկը։