Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ կանգնած է ռազմավարական խաչմերուկի մը վրայ, եւ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, զինուորական մագլցումի մը վտանգի հաւանականութիւնը կը բարձրանայ:
Կալանթ յայտարարեց, որ զինուորական մագլցումի մը վտանգը կրնայ վերջապէս յանգեցնել «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի մասնակցութեամբ շրջանային պատերազմի մը:
Նախքան այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Կալանթ կոչ ուղղած էր ռազմավարական հարցերը վճռելու նախարարաց խորհուրդի ընդլայնուած նիստին ընթացքին` նկատի ունենալով, որ անիկա է լիազօրութեան տէր մարմինը եւ ոչ թէ նախարարաց սեղմ խորհուրդը: