Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի հետ: Մեկնաբանելով Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները՝ Պլինքըն յայտարարեց. «Վճռելու պահն է, հաւանաբար գերիները տուն դարձնելու, զինադադար հաստատելու եւ բոլորը դէպի մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն տանող ճամբուն վրայ դնելու լաւագոյն եւ թերեւս վերջին առիթը»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ, մեկնաբանելով Պլինքընի յայտարարութիւնը՝ ըսաւ. «Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս առտու կ՛ըսէ` «ասիկա կրնայ համաձայնութեան հասնելու վերջին առիթը ըլլալ», անիկա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ուղղուած կոչ է` «այս առիթը մի՛ փախցներ, զանոնք (գերիները) լքեցիր, եւ պարտաւորութիւնդ է զանոնք վերադարձնել: Եթէ չվերադառնան, մեր վէրքերը պիտի չդարմանուին»:
Պլինքըն հանդիպում ունեցաւ նաեւ Նեթանիահուի հետ եւ շեշտը դրաւ պատանդներու ազատ արձակումը ներառող զինադադարի համաձայնութիւնը վերջնականացնելու կարիքին վրայ: Ան նաեւ վերահաստատեց Իսրայէլի ապահովութեան նկատմամբ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը իր կարգին հաղորդեց հետեւեալը. «Նեթանիահուի եւ Պլինքընի միջեւ ժողովը դրական էր եւ տեւեց երեք ժամ: Վարչապետը Պլինքընին յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու է Արեւմտեան Ափին վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկին»:
Ըստ «Սքայ Նիուզ»ի՝ Նեթանիահու Պլինքընին յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին բանակցութիւններուն մասնակցող իսրայէլեան պատուիրակութիւնը դարձեալ Գահիրէ պիտի ուղարկէ:
«Ամերիկեան նոր առաջարկը կը ներառէ Կազայի մէջ գտնուող Ֆիլատելֆիա միջանցքին բռնագրաւումը շարունակելը ու իսրայէլեան բանակի ներկայութիւնը կրճատելըը: Աւելի՛ն. ամերիկան առաջարկը Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում չի ներառեր»:«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց Պաղեստինեան աղբիւր մը:
Ըստ ամերիկեան առաջարկին, եթէ «Համաս» իսրայէլեան պահանջներուն չընդառաջէ, իսրայէլեան կողմը պատերազմը պիտի շարունակէ: