Միացեալ Նահանգները դարձեալ զէնքով, զինամթերքով եւ գումակային սարքերով շարասիւն մը Իրաքէն Սուրիա ուղարկեց: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնեց սուրիական զինուորական աղբիւր մը:
«Ամերիկեան զօրքերը Իրաքէն «Ուալիտ» սահմանային անցակէտին ճամբով Հասաքէ նահանգը բերած են 40 բեռնակառքերէ բաղկացած զինուորական շարասիւն մը, որ կը պարունակէ նիւթական-արհեստագիտական միջոցներ, զէնք, զինամթերք եւ վառելանիւթ», ըսաւ աղբիւրը: