ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Զաւէնին հետ մեր բարեկամութիւնը կ՛երկարի աւելի քան 60 տարիներ, Հալէպի Aleppo college ամերիկեան երկրորդական վարժարանէն սկսեալ։ Ես իրմէ մէկ դասարան բարձր էի։
Աւարտելէ ետք, ես գացի Պէյրութի Հայկազեան քոլէճ, այժմ համալսարան, իսկ ինք՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան։
Հայկազեան քոլէճէն աւարտելէ ետք, ես նշանակուեցայ տնօրէն՝ Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ նախակրթարանին։ Հոս է, որ մեր յարաբերութիւնները աւելի սերտացան՝ քանի ինք շրջանաւարտ եղած էր այդ վարժարանէն։
Տարիները թաւալեցան եւ մենք դարձեալ իրարու հանդիպեցանք Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Ես Տահրան քաղաքն էի, որպէս անգլերէնի ուսուցիչ՝ «Արամքօ» ընկերութեան դպրոցին մէջ, իսկ ինք՝ մերձակայ Խուպար քաղաքն էր, որպէս պաշտօնեայ՝ մեծ ընկերութեան մը մէջ, հաշուապահի հանգամանքով։
Տարիները դարձեալ թաւալեցան եւ մենք իրարու հանդիպեցանք նորէն, այս անգամ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափը՝ Քալիֆորնիոյ մէջ։ Ես՝ ուսողութեան ուսուցիչ եւ ապա փոխտնօրէն էի Լոս Անճելըսի Միացեալ դպրոցներու Ցանցին մէջ, իսկ Զաւէնը՝ իր անձնական գրասենեակը ունէր եւ կը զբաղէր կալուածային առուծախով։
Զաւէն՝ իր ասպարէզի առօրեայ զբաղումին եւ ընտանիքի հոգատարութեան կողքին, վարակուած էր երրեակ տենչանքով մը՝ եկեղեցի, ազգ եւ հայրենիք։ Ան իր ողջ էութիւնը տրամադրեց օգտակար հանդիսանալու իր եկեղեցիին, ազգին եւ հայրենիքին։
ն նախ յանձն առաւ Հայ Աւետարանական Մերտինեան միջնակարգ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։ Ապա ընտրուեցաւ ատենապետ՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի վարիչ մարմնին։
Զաւէն երբեք չմոռցաւ իր ծննդավայր Հալէպն ու հալէպահայութիւնը։ Ան կազմակերպեց Սուրիահայութեան զօրակցութեան հիմնադրամը (SARF) եւ դիմեց գաղութին, որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարեն Հալէպի տառապեալ ժողովուրդին։
Զաւէնի կեանքին դափնեպսակը հանդիսացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն նշանակուիլը։ Այդ մէկը իր երազն էր, որքան գիտեմ, ինչ որ իրականացաւ։
Ան հասկցած էր իր գործին լրջութիւնն ու լայն ծաւալը, որ կ՛ընդգրկէր աշխարհով մէկ այն գաղութները՝ ուր կը գործէր հայ Աւետարանական եկեղեցին եւ անոր առընթեր՝ գաղութը, իր դպրոցներով, Պատանեաց եւ «Ջանից» կազմակերպութիւններով եւ երբեմն ալ՝ դարմանատուներով։
Մէկ խօսքով՝ Զաւէն սիրայօժար կերպով մխրճուած էր ազգային հասարակական գործերուն մէջ եւ ինչ որ նախաձեռնեց, յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ որովհետեւ սիրտն ու հոգին տրամադրուած էր այդ սրբազան գործին։
Զաւէնին անգլերէնով եւ հայերէնով յօդուածները՝ քաղաքական թէ ազգային տագնապները ընդգծող, լոյս կը տեսնէին շատ մը հայկական օրաթերթերու եւ շաբաթաթերթերու մէջ։ Ան նաեւ հեղինակն էր երեք գիրքերու, որոնցմէ ամենաաչքառուն էր «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ Իմս»։ Իր տեսակին մէջ եզակի այս գիրքը մեծ աղմուկ յառաջացուց գաղութային մեր կեանքին մէջ։ Զաւէն եւ իր կինը Սոնան գացած էին Արեւմտեան Հայաստան եւ այցելած Զաւէնի հօրենական տունը, որ տակաւին հաստատ մնացած էր, սակայն հաւանաբար քիւրտերով բնակուած․․․
Անցեալ շաբաթ, մարդկային իրաւունքներու նուիրուած համագումարի մը համար Միզուրիի Սէյնթ Լուիս քաղաքը գացած էի։ Հոս կ՛ուզեմ մէջբերել գլխաւոր բանախօսին ելոյթը, որ շատ տպաւորեց զիս։ Ան ըսաւ․ «There are ordinary people, doing extraordinary work» (կան սովորական մարդիկ, որոնք արտասովոր գործ կը տանին)։ Ան կ՛ակնարկէր պատմութեան մէջ նշանաւոր դարձած մարդոց։ Ես պիտի յանդգնէի ըսել, որ Զաւէն Խանճեանը կը պատկանի այդ դասակարգին։
Զաւէնը մնաց պատնէշի վրայ մինչեւ իր անժամանակ մահը։ Ան «Բարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը կատարեց, հաւատքը պահեց»։
Թող ամենակալ Աստուած իր հոգին լուսաւորէ, երկնից արքայութեան արժանացնէ եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը պարգեւէ իր հարազատներուն։ Յիշատակն արդարոյ՝ օրհնեալ եղիցի։ Ամէն։