Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ըստ հայկական կողմին` Փութին Փաշինեանի հետ խօսեցաւ նախորդ շաբաթ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին:
Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան յառաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպում ունենալ՝ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի հարցեր քննարկելու համար:
Ռուսական կողմը, իր կարգին, նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր, որոնց կարգին նկատի ունենալով Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ Փութինի բանակցութիւնները:
Փութին վերահաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման, սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի խթանման, ինչպէս նաեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման մէջ Մոսկուայի աջակացութեան պատրաստակամութիւնը:
«Երկկողմ օրակարգին վերաբերեալ միտքերու փոխանակման ընթացքին յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ առեւտրական-տնտեսական փոխգործակցութեան դրական կշռոյթը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակել շփումները», կ՛ըսուի Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: