««Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմը հեռաւոր ապագային է եւ ոչ թէ հիմա», յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ՝ պնդելով, որ իսրայէլեան բանակը ձախողութեան մատնած է «Հըզպալլա»ի Կիրակի օրուան գործողութիւնը:
Իսրայէլի բանակի բանբերը յայտնեց, որ կրնայ հաստատել, որ «Կալիլոթ» ռազմակայանը անվնաս մնացած է, հակառակ անոր որ անիկա «Հըզպալլա»ի յարձակումին գլխաւոր թիրախն էր:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, անդրադառնալով «Հըզպալլա»ի դէմ Իսրայէլի սահմանափակ հակադարձութեան՝ գրած է հետեւեալը. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան զսպուածութիւնը վերականգնող եւ Վերին Կալիլիոյ բնակիչները իրենց տուները վերադարձնող հաստատ քայլերը ընտրելու փոխարէն, նախընտրեց խոչընդոտելու յաջող, սակայն սահմանափակ գործողութիւն մը: Նեթանիահու եւ անոր պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ընտրեցին «դիւրին» ընտրանքը, որ բանակը անոնց առաջարկեց: Այդ ընտրանքը ձախողութեան մատնեց եւ խոչընդոտեց «Հըզպալլա»ի գործողութիւնը, սակայն հիւսիսային բեմի վրայ ռազմավարական կացութենէն ոչինչ փոխեց»:
«Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր Կալիլիան կը ճզմեն, բնակեցման վայրերը կը քանդեն եւ կը հրկիզեն, տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացիներ իրենց տուներէն կը հեռացնեն եւ կը վարկաբեկեն պետութիւն մը, որ շրջանային ուժ կը նկատուէր», կ՛աւելցնէ «Մաարիւ»: