

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ՝ 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերադարձ» խորագիրով ձեռնարկը՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 33ամեակին:
Ձեռնարկի նպատակը ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ պատմական օրուան խորհուրդը արժեւորելն էր, նաեւ՝ ներկայացնելը մօտեցումներ եւ առաջարկներ` Արցախի հիմնահարցի մարտահրաւէրներու եւ քաղաքական լուծումներու, համազգային յանձնառութիւններու եւ արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու իրականացման վերաբերեալ:
Պաշտօնական հիւրերու կարգին էր Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորները, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, Հայաստանի պետական եւ քաղաքական գործիչներ, հոգեւոր եւ հանրային զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին մեկնարկը տրուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ. ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի պատերազմներու նահատակներու յիշատակին: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն քայլերգները:
Բացումը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան` տէրունական աղօթքով։ Ան շեշտեց, որ 2 Սեպտեմբերը մեր հաւատաւոր ժողովուրդին հերոսական կամքին ու ազգային միասնականութեան հանդէպ անհատնում հաւատքի փաստերէն է։ «Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը մեր ժողովրդի ազատութեան ու խաղաղ երկնքի տակ ապրելու արդար բաղձանքի ամենավառ դրսեւորումներից մէկն է, որն իր արժանի տեղն ունի Հայոց հազարամեայ պատմութեան մէջ», ըսաւ Վրթանէս եպիսկոպոսը։
Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արցախի հարցը բնաւ փակուած չէ: «Ազգային բոլոր հասարակական ու քաղաքական ուժերի պարտականութիւնն այսօր պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի Հայաստանում արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը ապահովելը: Արցախցի մեր եղբայրները պէտք չէ մայր հայրենիքում զգան որպէս օտարներ, այլ` որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ իրենց հայրենիքի», նշեց Վրթանէս եպիսկոպոսը։
Ձեռնարկին յատուկ պատգամ յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Խօսքեր արտասանեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ինչպէս նաեւ` այս ծանր օրերուն՝ ունենալով իր ուրոյն եւ ազդեցիկ դերակատարութիւնը , ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեզ ազգովին կը սպասէ երկարաշունչ պայքարի ուղի , ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան, որ նշեց, թէ Ատրպէյճան չի կրնար մարսել իր պատերազմական յանցագործութիւնները , ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, որ շեշտեց, թէ հայութեան այսքան ահաւոր պարտութիւն պատճառած անձերը պէտք չէ շարունակեն ղեկավարել , ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, որ հաստատեց, թէ Արցախն է հայրենիքը պաշտպանելու, դարձեալ գործօն դառնալու, վերականգնելու մեր բանալին ։
Ձեռնարկին ընթացքին մեծադիր պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէ ստացուած` Հայ Դատի, հայ ժողովուրդի եւ Արցախի բարեկամ խորհրդարանականներու եւ պետական ու քաղաքական գործիչներու ուղերձները` անոնց կողմէ ընթերցուած։ Անգամ մը եւս ամրագրուեցաւ այն քաղաքական հաստատումը, որ իր իրաւունքներուն համար պայքարին մէջ հայ ժողովուրդը եւ արցախահայութիւնը առանձին չեն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով: Կատարումներով հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան, Արցախի պետական եւ ստեղծագործական երաժշտական խումբեր եւ անհատ կատարողներ:

