
ՄԱԿի հիմնադրութեան համաձայնագիրը, ի միջի այլոց, կը շեշտէ, թէ «բոլոր ժողովուրդները իրաւունքը ունին ինքնորոշման, որուն շնորհիւ անոնք կրնան ազատօրէն սահմանել իրենց քաղաքական ուղին եւ յառաջ տանիլ իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը»։
Այս սկզբունքին հիման վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը 2 Սեպտեմբեր 1991ին Խորհրդային Միութենէն իր անկախութիւնը հռչակեց՝ մաս կազմելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, որ աւելի ուշ Արցախի Հանրապետութիւն անուանուեցաւ։ 10 Դեկտեմբեր 1991ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասնակցեցաւ բնակչութեան 82 տոկոսը, որուն 99 տոկոսը անկախութեան ի նպաստ քուէարկեց։
Սակայն, վերջին 33 տարիներուն, ՄԱԿի ոչ մէկ անդամ ճանաչում շնորհեց Արցախի անկախութեան, անտեսելով նոյնինքն ՄԱԿի հիմնադրութեան համաձայնագիրի առաջին յօդուածը։ Աւելի վատ, միջազգային համայնքը ձեռնածալ դիտեց, մինչ ՄԱԿի կողմէ ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքը Արցախի ժողովուրդէն գողցուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ անցեալ Սեպտեմբերին, լրբօրէն յարձակելով Արցախի վրայ՝ պարտադրեց անոր առաւել քան 100,000 ժողովուրդին բռնագաղթը իր պապենական հողերէն։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը անցեալ տարի գումարեց երկու արտակարգ նիստեր՝ քննելու համար Արցախի ամբողջական շրջափակման ստեղծած մարդկային տագնապը, որ ըստ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու եւ ջատագովներու, ցեղային զտում եւ ցեղասպանութիւն է։ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները՝ Եւրոպական Միութեան անդամները, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիա եւ ուրիշներ, կոչեր ըրին՝ անմիջական քայլեր որդեգրելու, իսկ Ատրպէյճանէն խնդրեցին վերջ տալ մահացու շրջափակումին՝ անսալով Միջազգային քրէական ատեանի վճիռին, սակայն պատասխանատուութեան չկրցան կանչել ոճրագործ Պաքուն, որ իրողապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ տարբերակը իրականացուց։
Արցախի ժողովուրդը քաջութեամբ դիմացաւ 10 ամիսներու ապօրինի շրջափակման, որպէսզի պարզապէս կարենայ ապրիլ եւ բարգաւաճիլ իր պապենական հողերուն վրայ, հակառակ հազարաւոր զինուորական եւ քաղաքացիական զոհեր խլած 2020ի պատերազմին պատճառած ծանր վնասներուն։
Կարելի է հաստատել, որ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ առած քայլերը քաջալերեցին միջազգային համայնքին անտարբերութիւնը՝ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն նկատմամբ։
Արդարեւ, Արցախի շրջափակումէն միայն քանի մը ամիս առաջ՝ Դեկտեմբեր 2022ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական Միութենէն միջնորդներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին միակողմանի կերպով յայտարարեց, թէ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86.6 քառ. քլմ. տարածքը։ Ան 2023ին իր կեցուածքը աւելի յստակ դարձուց, մինչ Արցախի հայութիւնը կը դիմագրաւէր ամբողջական շրջափակում, որ, ըստ Արցախի ղեկավարներուն, նման էր համակեդրոնացման ճամբարներուն։
«Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86,600 քառ. քլմ. տարածքը, եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Հայաստանի 29,800 քառ. քլմ. տարածքին անձեռնմխելիութիւնը։ Ատրպէյճանի 86,600 քառ. քլմ. տարածքին մէջ կ՛իյնայ Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն կ՛ուզենք մատնանշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ապահովութիւնը եւ իրաւունքները պէտք է քննարկուին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ», ըսաւ Փաշինեան Մայիս 2023ին, գործնականապէս իր եւ իր կառավարութեան ձեռքերը լուալով Արցախի հարցէն, հակառակ անոր, որ վերջին երեք տասնամեակներուն, Արցախի երաշխաւորի դերը վստահուած էր Երեւանին։
Այժմ, «Լեռնային Ղարաբաղ» եւ յատկապէս «Արցախ» բառերը անհետացած են Փաշինեանի կառավարութեան բառապաշարէն, իսկ անոր փոխարէն կը գծուի ապագայ Հայաստանի մը պատկերը, որմէ հայութեան ազգային եւ պատմական ինքնութիւնը եւ իւրայատկութիւնները պիտի անհետանան։
33 տարի առաջ տեղի ունեցած Արցախի անկախութեան հռչակումը ոչ միայն Արցախի բնակչութեան կամքին արտայայտութիւնն էր, այլ նաեւ կենսական հիմնաքարը հայութեան իղձերը իրականացնելու ջանքերուն համար։ Արցախի ազատագրական պատերազմին ընթացքին, Ատրպէյճանի բռնարարքներուն դէմ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերած հերոսութիւնը եւ ապահոված յաղթանակը մարմնացումն էին հայութեան ազգային միասնութեան կամքին։
Այո, վերջին չորս տարիներու իրադարձութիւնները՝ 2020ի պատերազմը, շրջափակումը, ցեղային մաքրագործման արշաւը եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութիւնը, ծանր հարուած մը հասցուցած են Արցախի ժողովուրդին եւ մեր ազգային հոգեբանութեան։ Դարերու ընթացքին, մենք՝ իբրեւ ազգ, դիմագրաւած ենք շարք մը անարդարութիւններ, պայքարած ենք անոնց դէմ եւ կրցած ենք յաղթական դուրս գալ։
Որքան ալ անյաղթահարելի թուի՝ ժամանակը հասած է վերագտնելու այն նոյն մղումը եւ կամքը, որոնք Արցախի հայութիւնը մղեցին անկախութիւն հռչակելու 2 Սեպտեմբեր 1991ին։
Իր ինքնորոշման տարրական իրաւունքը վայելելու՝ Արցախի ժողովուրդին յանդուգն քայլը եւ անոր հետեւած զոհողութիւնները պէտք է միասնականութեան կարեւոր եւ կենսական մղիչ ուժը հանդիսանան, որպէսզի իբրեւ Ազգ վերահաստատենք Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, որոնք վայրագօրէն խլուեցան իրմէ։