Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան յայտնեց, որ Հայաստան պիտի մասնակցի BRICS-ի, ինչպէս նաեւ ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովներուն։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան հաստատեց մասնակցութիւնը՝ նշելով, որ ձեւաչափին եւ օրակարգին մասին պիտի տեղեկացնեն հետագային։
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 4 Սեպտեմբերին յայտնեց, որ Յաղթանակի 80ամեակին առիթով, Մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք շքերթին նախօրէին կը ծրագրուի իրականացնել ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովը։
BRICS-ի վեհաժողովը նախատեսուած է 22էն 24 Հոկտեմբերին, Քազանի մէջ: Անիկա միջազգային հարթակ մըն է, որուն անդամ պետութիւններու ղեկավարները կը հաւաքուին տարեկան վեհաժողովներուն եւ կը քննարկեն համաշխարհային եւ գործակցութեան հարցներ:
Չինաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած` հինգ երկիրներու խումբը ընդարձակուելու գործընթացին սկսած է: Ատրպէյճան վերջերս պաշտօնապէս դիմեց այդ կազմակերպութեան անդամակցելու: