
Չորս օրերու քննարկումներէ, աշխատանքային նիստերէ եւ գործնական հանդիպումներէ ետք, Շաբաթ, 31 Օգոստոսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄական Թ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄի 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ ներկայացնող 38 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներ համագումարին ընթացքին լսեցին բազմաթիւ զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալեցին խոր քննարկումներ: Այսպէս, «Սկաուտական համագումարներու նպատակը եւ դերը» նիւթին շուրջ զեկուցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան: «ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը այսօր» նիւթը վիճակագրական մանրամասն տուեալներով ներկայացուց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Զուգահեռ, մասնակցողները աշխատանքային խմբակներու բաժնուելով՝ սերտեցին միութեան սկաուտական կարգերու, գիրքերու ծրագիրները եւ ներկայացուցին բարեփոխման իրենց առաջարկները եւ տեսակէտները:
Խմբապետական համագումարը քննեց նաեւ «ՀՄԸՄի սկաուտութեան արդիականացման մարտահրաւէրը» նիւթը, զոր ներկայացուց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: Այնուհետեւ, մասնակցողները ունեցան գործնական, դաշտային փորձարկումներ` արարողութիւններ կատարելու եւ աստիճանատուչութեան ձեւերուն մասին: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ միջցամաքամասային սկաուտական ձեռնարկները, որոնք պիտի ըլլան գալիք հանգրուանի գլխաւոր նորութիւններու շարքին:
Համագումարին երկրորդ օրը ներկայացուեցան զեկուցական հինգ նիւթեր.
– «ՀՄԸՄի սկաուտական կանոնագիրը»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան.
– «Ի՞նչպէս կատարել ՀՄԸՄի սկաուտական աշխատանքներու քարոզչութիւնը»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան:
– «ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը եւ արդի արհեստագիտութիւնը»՝ ՀՄԸՄի արհեստագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Շանթ Տէմիրճեան:
– «Սկաուտական Արարատեան կարգը»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան:
– «Սկաուտական Վկայեալ կարգը»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան:

Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ աշխատանքային խմբակներու մէջ առաջարկներու եւ բանաձեւումներու մշակումներ:
Համագումարին մասնակցողները քննարկեցին նաեւ խմբապետական գործուղումներու, սկաուտական պեճերու, կարգերու եւ արարողութիւններու պայմաններու, իրագործման եւ միօրինականացման վերաբերող հարցեր:
Համագումարը երրորդ օրը դադար առաւ, եւ զանազան երկիրներէ Եգիպտոս ժամանած ՀՄԸՄական խմբապետ-խմբապետուհիները այցելեցին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն նկատուող պատմական բուրգերը (Սաքարա եւ Կիզէ) եւ Սփինքսի արձանը: Նոյն օրը երեկոյեան, անոնք ընթրիքի հիւրը եղան Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ին, որ այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 110ամեակը:
Իր աշխատանքներուն չորրորդ օրը համագումարը քննեց սկաուտական կանոնագրութեան բարեփոխման առաջարկները եւ լսեց առցանց զեկուցում մը` միջազգային սկաուտական շարժումի կառոյցին եւ այդ կառոյցին մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ներկայութեան մասին: Զեկուցումը ներկայացուց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:
Օրակարգի նիւթ դարձան ՀՄԸՄի սկաուտական մասնագիտական պեճերը, ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սկաուտական աշխատանքներու մէջ, մարդուժի պատրաստութեան, սկաուտական տեղեկութիւններու շտեմարանի (Database-ի), համա-ՀՄԸՄական 13րդ ընդհանուր բանակումի (2026), սկաուտական առցանց գրադարանի եւ վաճառատան հիմնումին վերաբերող հարցեր:
Համագումարի փակման նիստին, ժողովականներուն այցելեց Եգիպտոսի մէջ յունական սկաուտական բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Եաննիս Մելախրինուտիս: Ան ողջունեց ՀՄԸՄը եւ արտասահմանի յունական սկաուտութեան անունով հայ-յունական սկաուտական գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: ՀՄԸՄի պատասխանատուները, իրենց կարգին, գնահատեցին յարգելի հիւրին այցելութիւնը եւ արտայայտուեցան հայ-յունական պատմական միացեալ ճակատագիրին եւ ապագայ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Հուսկ, համագումարը իր աւարտին հասաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգին կատարումով:
Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին, համագումարին մասնակցողները այցելեցին Եգիպտոսի Ազգային առաջնորդարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ հայկական գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներու զետեղումով անոնք յարգանքի տուրք ընծայեցին ՀՄԸՄի հիմնադիր սերունդի անդամներէն Հայկ Ճիզմէճեանին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նուիրեալներու` Վահան Նաւասարդեանին, Գաբրիէլ Լազեանին, Սրբուհի Թիրեաքեանին, Բենիամին Թաշեանին, Օննիկ Մաճառեանին եւ այլ գաղափարակիցներու: