
30, 31 Օգոստոս եւ 1 Սեպտեմբեր 2024ին, 60 միութենական եւ համակիր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հարաւային Ամերիկայի 3 երկիրներէ՝ Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ, մասնակցեցան իր բնոյթով եզակի երիտասարդական հաւաքի մը, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական կոմիտէին:
Հաւաքին հրաւիրուած էին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ գործուղուած էին տարածաշրջանի 3 երկիրներու մէջ գործող ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններէն անդամներ՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութենէն, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ՀԵԴէն եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութենէն: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
Հաւաքը նպատակ կը հետապնդէր՝
– Վերաշխուժացնել Հարաւային Ամերիկայի դաշնակցական երիտասարդական միաւորները.
– Ամրապնդել երիտասարդներու հայկական ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը.
– Ընդլայնել Հայ Դատի աշխատանքներու վերաբերեալ երիտասարդ համակիրներու մասնակցութիւնը:
Հաւաքը բարեյաջող ընթացաւ եւ յագեցած էր աշխոյժ եւ օգտաշատ օրակարգերով, որոնք կը ներառէին հայութեան քաղաքական այժմէական մարտահրաւէրներուն մասին քննարկումներ, սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքական ներգրաւուածութեան եւ հայկական ինքնութեան մասին զրոյցներ, Հայ Դատի պայքարին գործնական մասնակցութեան քայլեր եւ մշակութային ժամեր:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի 44օրեայ պատերազմին մասին, շրջափակման եւ ցեղային զտման իրողութեան եւ այսօր արցախահայութեան ընկերային եւ հոգեբարոյական վիճակը Հայաստանի մէջ:
Տարածաշրջանէն ներկայ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին եւ ընդհանրապէս ՀՅԴ Երիտասարդականի գործունէութեան յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կողմէ, շեշտելով տուեալ տարածաշրջանին մէջ հայ երիտասարդութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը, հայկական հարցին համար պայքարին շուրջ:
Միջազգային քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ այցելեց հաւաքուած երիտասարդներուն եւ զրուցեց անոնց հետ՝ քաջալերելով զանոնք որդեգրելու ներգործօն դերակատարութիւն մարդկային եւ ազգային դատերու պաշտպանութեան մէջ:
Երիտասարդները ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, երեք օրերու ընթացքին ձեռք բերին նոր գիտելիքներ եւ աշխատանքի նոր մտահորիզոն, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր ձեռքբերում՝ նոր ընկերներ եւ ընկերուհիներ:
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք Հարաւային Ամերիկայի մեր սիրելի ընկերներուն, իրենց ազգանուէր գործին մէջ։ ՀՅԴ Երիտասարդական մեծ ընտանիքը իր համաշխարհային ցանցով մի՛շտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու հայ երիտասարդութեան մէջ նոր համախմբումներ յառաջ բերելու գործին, ի խնդիր հայրենիքի եւ հայութեան:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ