
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Կասկած չկար. օր մը պիտի գրէի «կասկած» բառին ստոյգ պատմութիւնը, հաստատ եւ աներկբայ: Երբ մամուլի մէջ հանդիպեցայ սարսափեցնող քանի մը լուրի՝ որոշեցի, որ եկած է ժամանակը: Այդ լուրե՞րը. քիչ ետք պիտի պատմեմ, կասկած մի՛ ունենաք:
ՍԱ Է ԱՐՄԱՏԸ, ԲԱՅՑ՝ ՔԻՉ ՄԸ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ
Ծիծաղելի է, չէ՞. կասկած բառի ստուգաբանութիւնը՝ կասկածելի՛ է: Ըստ լեզուաբան այրերու, ներառեալ Հրաչեայ Աճառեանի, անոր արմատը «կարծել» բայն է: «Կած» մասնիկին կրկնութեամբ, անիկա նախ դարձած է «կածկած», ապա՝ «կասկած»: Իր նախնական «կածկած» ձեւը պահպանուած է Արցախի բարբառին մէջ:
ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ
5րդ դարուն, «կասկած» բառը արդէն ծաղկած եւ մշակուած էր: Մեր թարգմանիչ սուրբերը Աստուածաշունչ Մատեանի թարգմանութեան մէջ չորս անգամ գործածած են «կասկած» բառը, «կասկածանք»՝ 6 անգամ, «կասկածել»՝ 5 անգամ եւ «կասկածոտ»՝ 1 անգամ: Մինչեւ այսօր հայ ընթերցողը Սուրբ Գիրքին մէջ երկու խիստ պատկերաւոր արտայայտութիւն կը կարդայ: Առաջինը սարսափելի հիւանդութիւն մըն է. «կասկած չարեաց»: Նկատեցի՞ք, թէ «կասկածը» եւ «չարը» նոյն նախադասութեան մէջ են եւ միասին կ’ընթանան: Իսկ երկրորդը անհանդարտ մարդու ուղեղին մէջ ոլորուող ներքին կասկածն է. «միտս կասկածող»: Նոյն դարուն, բառս զարգացաւ, ունեցաւ իր բայը եւ ածականը. Ագաթանգեղոսը գրի առաւ «կասկածոտ» եւ «կասկածանք» բառերը, Փարպեցին՝ «կասկածել», իսկ Եզնիկ Կողբացին՝ «կասկածոտ» եւ «անկասկած» բառերը: Այսօր մեր լեզուն կը վայելէ «կասկած» բառի բազմաթիւ տեսակները, ինչպէս՝ կասկածախառն, կասկածամիտ եւ կասկածամոլ… Չէ՞ք կարծեր, թէ մե՛նք ենք այս բառերը, քանզի յաճախ կը տառապինք կասկածով: Ունինք նաեւ «չարակասկած» շատ ընտիր եւ հազուագիւտ բառը: Վարդան Պատմիչը գործածած է զայն, որ նկարագրէ գիշերային ժամերուն քաղաքի փողոցներուն մէջ սպրդող կասկածը. «Շրջին սպրդեալք տանէ ի տուն, եւ զշշուկս չարակարծ»: Իսկ Գրիգոր Նարեկացիի համար, բարեբանեալ, երկնաւոր, արարիչ, ամենակալ, բարերար, խնամակալ, մարդասէր Աստուածն էր՝ «Ապաւէն անկասկածելի»:
ԿԱՍԿԱԾԸ ՄԱԶՈՎ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻ
Միջնադարու հայ աշուղները մաշեցան կասկածով: Ահ ու թող մը պատեց անոնց սիրտն ու հոգին: Պանդխտութեան մէջ տառապող Մովսէս Դպիր Կարնեցի քառեակով մը մեզի բացատրեց իր վիշտը. «Օտար աշխարհ թափառ չունիմ դադարում. / Տարաբերեալ ծփիմ նման ծովերուն, / Ահ եւ կասկած եւ վիշտք անթիւ անպատում՝ / Ձանձրանալով ի սպառ մնացի կարօտով»: Նահապետ Քուչակ, որ կը սիրէր կեանքը վայելել, իր կեանքի վերջին օրերուն հոգեպէս տկարացաւ եւ ըսաւ. «Կասկած կայ ի յիմ սրտիս, զարհուրի՜մ ես ի մահուանէն»: Իսկ անանուն տաղասաց մը գրեց խրատական քառեակ եւ բացատրեց, թէ երկչոտ եւ կասկածոտ մարդը կարելի է մազով կապել եւ ան չազատի, իսկ զօրեղ մարդը շղթաներ կը փշրէ. «Ասեն, թէ հարիւր այսպէս մարդ մէկ մազով կապես, կու կապուի: / Պահ մի խիստ զօրեղ լինի, մարդկանէ կասկած նա չունի, / Եօթն տակ զնճիլ (շղթայ) կապես, նա թափ տայ, զամէնն կտրի»:
ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ
19րդ դարուն հայ բանաստեղծը պայքարեցաւ կասկածի դէմ, զայն նկատելով հիւանդոտ վիճակ եւ տկարութիւն: Միսաք Մեծարենց իր բոլոր կասկածները փարատելու համար՝ լոյսի շող մը փնտռեց. «Ես կը փնտռեմ, … / լոյսի շող մը՝ զոր կը մարեն անդուլ վարանքն ու կասկած»: Թումանեանը իրեն քով կանչեց հայ մանուկները՝ զանոնք տեսնելով իբրեւ ազգի ապագայի յոյս. «Եկէ՛ք, սիրուն իմ մանուկներ, / Վազէ՛ք, եկէք շուտ ինձ մօտ, / Վիշտ ու կասկած դուրս վանեցէք / Իմ ծեր լանջից հիւանդոտ»: Բանաստեղծը, կը յիշէ՞ք, «Լուսաւորչի Կանթեղը» քերթուածին մէջ երկու խումբի բաժնեց մարդիկը՝ անոնք, որոնք կանթեղը կրնան տեսնել եւ անոնք, որոնք չեն կրնար: Կանթեղը, ըստ աւանդութեան եւ Թումանեանի, չի՛ տեսնուիր՝ «կասկածոտ սրտերին»: Վերջապէս Տէրեանը խօսեցաւ: Իրիկնամուտ էր անտարակոյս: Ահա ա՛ն էր օրուան ամէնէն թունաւոր ժամը. «Երբ պայծառ օրդ տխուր կը մթնի, / Եւ սիրտդ կ՛այրէ թունաւոր կասկած»:
ԿՈՅՐ ԿԱՍԿԱԾԸ
Խորհրդային տարիներուն, Պարոյր Սեւակ «կասկած» բառը գործածեց իմաստասիրական միտքեր արտայայտելու համար: Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ Սեւակ իր իւրայատուկ աշխարհահայեացքը ցոյց տուաւ մեզի: Առաջինը անկեղծութեան մասին էր. «Լաւագոյն դիմակն այն է, անկասկա՛ծ, / Որ կոչւում է դէմք»: Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէր բանաստեղծը: Չենք գիտեր: Ապա խօսեցաւ անձնական սիրոյ ապրումներու մասին: Վշտացա՛ծ էր: Միեւնոյն ժամանակ ալ՝ ազատա՛ծ. «Հիմա արդէն բաժանուած ենք: Էլ ո՛չ մի հարց, / Էլ ո՛չ մի խաղ, ո՛չ մի կասկած մեզ չի տանջում… / Ո՛չ խարդաւանք, ո՛չ խանդ եւ ո՛չ կասկած մի կոյր… / Ա՜խ, ես գիտե՛մ, չէի՜ր սիրում, / Հիմա գիտեմ ես անկասկած… / Աչքերիս խորքում կասկածներս եմ ճմռում: Ապա՝ գրեց ճշմարտութեան մասին. «Այն կասկածը, որ ծնւում է հեգնող ցաւով, / Յետոյ դառնում մի անկասկած ճշմարտութիւն»:
ԿԱՍԿԱԾԸ ՕՁ ՄԸՆ Է
«Կասկած» բառը արտայայտիչ է: Մեր որոշումներուն եւ համոզումներուն մէջ երբեմն «կասկածի կու գանք», կարծիքները «կասկածի տակ կ՛առնենք» եւ «կասկածի տակ կը դնենք», երբեմն կը թուլանանք եւ «կասկածի կ՛իյնանք»: Երկու իմաստուն հեղինակներ ալ խոր մտածած են այն մասին, թէ ի՛նչ է կասկածը: Լեւոն Շանթ որոշած է՝ «Ինչպէս ջուրն է բղխում աղբիւրից, այնպէս էլ կասկածը չար մարդուց»: Իսկ Սերօ Խանզադեան մեզ զգուշացուցած է. «Կասկածը օձն է, մինչեւ չկծի՝ չի հանդարտի»:
ԴՈՒՔ ԿԱՍԿԱԾԵԱԼ ԷՔ
Հայկական գրատպութեան մէջ, մտածեցի, կա՞յ արդեօք կասկածի տեղ: Մատենագրական ցանկերուն նայեցայ: Գտայ քանի մը կասկածելի գիրքեր: Շատ չէ. միայն չորս ժամանակակից հատոր: Առաջինը՝ Պէյրութի մէջ 1970 թուականին Վահրամ Փափազեան թատերախումբին կողմէ բեմադրուած թատերախաղ մըն էր. «Կասկածը կնոջ մտքին մէ»ջ: Ապա, 90ականներուն, լոյս տեսած են հետաքրքրական անուններ. «Կասկած եւ տարակոյս», «Կասկածի ջրերի վրայ- Բանաստեղծութիւններ», «Կասկածեալի եւ մեղադրեալի իրաւունքներ»: Իսկ նորագոյնը՝ 2005ին լոյս տեսած է. «Ձեզ ձերբակալել են, դուք կասկածեալ էք»: Այդ գիրքն է, որ տխրութիւն տուաւ ինծի: Ցաւ զգացի «կասկածանք» բառին համար: Ան գրեթէ միշտ բացասական անուններու եւ յանցագործութիւններու հետ էր որ կը յիշուէր: Ապացոյցը մամլոյ վերնագիրներն են…
ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԸ
Մամլոյ էջերուն վրայ, հեռատեսիլի պաստառին վրայ, յարգելի ընթերցող, եթէ հանդիպիք «կասկածանք» բառին, ապա տարակուսանք մի՛ ունենաք: Անիկա հաւանաբար ցնցիչ լուր է՝ ո՛չ շատ դրական: Ահա երեք զարհուրելի (մասամբ կտրատուած) օրինակներ՝ հայրենի մամուլէն. ամուսինի մասին՝ «Կնոջ սպանութեան կասկածանքով…», կառավարական պաշտօնեայի մասին՝ «Կաշառք ստանալու կասկածանքոՎ…», Սեւանայ լիճի բնակիչի մասին՝ «Որսագողութեան կասկածանքոՎ…»: Իսկ վերջին յանցաւորը, ի՛նչ ծիծաղելի բան, մա՛րդ իսկ չէր. «Մարդասպանութեան կասկածանքով բռնել են 5 մեթրանոց կոկորդիլոսի»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, հրաժեշտ կու տամ՝ ձեզ վստահեցնելով, թէ հայկական բառերու նոր յօդուածով մը կը ներկայանամ ձեզի, անկասկա՛ծ: