Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին «Դաշնակիցներ. ՀԱՊԿ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ռուսիա երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին մէջ «ազնիւ միջնորդ»ի իր դերէն:
«Մենք յոյս ունինք, որ ներկայ տարակարծութիւնները շուտափոյթ լուծում մը կը ստանան, եւ յաջող յառաջընթաց մը կը բերեն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ ոլորտներուն մէջ՝ բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան», ըսաւ Քոփիրքին:
Ան ընդգծեց, որ Ռուսիա պատրաստ է «ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու բարեկամ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հաշտեցման»:
Հայաստան-Ռուսիա լարուած յարաբերութիւններուն զուգահեռ Երեւան կը հրաժարի Մոսկուայի առաջարկած բանակցային հարթակէն:
«Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ վտանգներ կը նուազէին, եթէ Սեպտեմբեր 2022ին Երեւան համաձայնէր ՀԱՊԿի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակը կայունացնելու միջոցառումներու ծրար մը իրականացնելու առաջարկին», ըսաւ Քոփիրքին:
Ան դիտել տուաւ, որ անոնք կը վերաբերէին նախաձեռնութիւններու, որոնց կարգին՝ ռազմական սարքաւորումներու աջակցութեան, դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու եւ սահմանապահ զօրքերու պատրաստութեան գծով աջակցութեան:
Քոփիրքին անգամ մը եւս կասկածի տակ դրաւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը:
«Դժբախտաբար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը նախընտրեց հրաւիրել Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, որ երբեք չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ «դիտարկում» անունին տակ հետախուզութիւն կը կատարէ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ դէմ», ըսաւ Քոփիրքին՝ նոյն ատեն յիշեցնելով, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Ռուսիոյ առաջնորդած կառոյցին՝ ՀԱՊԿի անդամ:
Ըստ Քոփիրքինի՝ Հարաւային Կովկասի ճակատագիրը եւ ապագան պէտք է որոշեն բացառապէս տարածաշրջանի երկիրները եւ դրացի գործընկեր պետութիւնները: «Դուրսէն ոչ ոք խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ մեր ընդհանուր տան: Եթէ խօսինք երկարատեւ տարածաշրջանային ապահովութեան, ընկերային-տնտեսական զարգացման կայունութեան ապահովման հարցերուն մասին, անոնք բնաւ չեն համապատասխաներ «Հաւաքական Արեւմուտք»ի ծրագիրներուն՝ տարածաշրջանի ռազմականացման եւ այնտեղ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի ռազմաքաղաքական ազդեցութեան ընդլայնման վերաբերեալ», նշեց Քոփիրքին: