Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը կը քննարկէ Երեւան-Լոս Անճելըս եւ Երեւան-Նիւ Եորք ուղղակի թռիչքներու սկսելու հարցը: Այս մասին յայտարարեց Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Արմէն Սիմոնեան:
«Երեւան-Լոս Անջելես եւ Երեւան-Նիւ Եորք ուղիղ չուերթի մասով քննարկում ենք ունեցել: Հիմա օրէնսդրական որոշակի խնդիրներ կան, պէտք է հասկանալ, թէ ինչպէս այդ ուղղութեամբ շարժուել, որովհետեւ այնտեղ կոդերի (կանոններու) հարց կայ, Եւրամիութեան օդային տարածքով չուերթ իրականացնելու հարց կայ եւ նմանատիպ բազմաթիւ տեխնիկական (գիտարուեստական) հարցեր, որոնց պատասխան պէտք է տրուի: Բայց, կարծում եմ, որ այդ ուղղութեամբ նոյնպէս կ՛ունենանք առաջընթաց», ըսաւ Սիմոնեան: