
ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Նախ կ՛ողջունեմ Մաթիկ Էպլիղաթեանը, որ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր մտքիս մէջ ուրուագծուած է իբրեւ գրասէր, հայ գիրքի եւ դպրութեան տարածման սատարող անձնդիր նուիրեալ մը, որ բազմահարիւր հատորներ տուաւ լոյսին եւ զանոնք առաքեց մինչեւ արեւմտեան կողմն աշխարհի այս ափերուն: Անոնք, մեզի՝ իբր մայրենիի դասատուներ, ծառայեցին որպէս օժանդակ ընթերցման նիւթեր պատանի հայ աշակերտին, հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն մէջ: Անոնց մէջ կային մեր գրականութեան կարկառուն դէմքերէն Յովհաննէս Թումանեանը, Րաֆֆին, Համաստեղը, Մուշեղ Իշխանն ու Արամ Հայկազը, «Կիլիկիա» երգարանն ու մանկական Աստուածաշունչը արեւմտահայերէն ու մանաւա՛նդ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:
Նման երախտաշատ գործունէութիւն մը տարած ըլլալու պատիւը Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն շրջանաւարտ Մաթիկինն է, որ յիշողութեանս պաստառին վրայ կը պատկերուի, ոչ միայն իբրեւ Ազգային Հայկազեան վարժարանի դասընկերուհիիս՝ Հուրի Էպլիղաթեանին եղբայրը կամ Ճեմարանի դասընկերուհիներէս Պէթթի Մկրտիչեանին կողակիցը, այլ նաեւ իբր որդին՝ Հալէպի ամէնէն պատկառելի ազգայիններէն՝ իրաւաբան Գրիգոր Էպլիղաթեանին, որ միաժամանակ Սուրիոյ Ազգային ժողովի երկարատեւ երեսփոխան էր, ներկայացնելով սուրիահայութիւնը: Պարոն Գրիգոր Էպլիղաթեանին ներկայութիւնն իսկ հպարտութիւն կ՛առթէր ազգին զաւակներուն:
«Անկրկնելի Հալէպը» ներբողականի նման ձօն մըն է նուիրուած սրախողխող Հալէպ քաղաքին, որ ըստ Հալէպի երկարամեայ առաջնորդ Սուրէն արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանին, կը համարուէր յետ եղեռնին կազմուած հայ համայնքի «Սուրիական Ասպնջական Հայրենիք»ը: Հոն է՛ր որ հայը թուրքի եաթաղանէն ապաստան գտած էր ու մանաւանդ իրեն շնորհուած էր հպատակութիւն, ինքնութեան փաստաթուղթ, երբ ոտք դրած էր Տէր Զօրի անապատներն ու Հալէպի հիւղաւանները: Հայուն նաեւ առիթ տրուած էր իր հայկական ինքնութիւնը պահել իր եկեղեցիներով, վարժարաններով, ակումբներով եւ ազգային զանազան հաստատութիւններով:
Անշուշտ հեղինակը անդրադարձած էր Տէր Զօրի մէջ սրբացուած նահատակներու յիշատակին կառուցուած մատուռ-թանգարանին, որ յատուկ կերպով թիրախ դարձաւ թուրքին եւ անոր գործակալներուն ռմբակոծումներուն: Աշխարհի համայն հայութեան կիզակէտը հանդիսացող Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը միատեղ այցելած էին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, Հայաստանի նախագահներն ու պետական բարձրաստիճան այրեր:
Հալէպահայութեան ներքին կեանքի գծագիրը՝ համապարփակ քարտիզագրութիւնը շատ գեղեցիկ կերպով ներկայացնող հեղինակը կ՛անդրադառնայ Հալէպի հայատրոփ գաղութին, որուն արմատները կ՛երթան նախաեղեռնեան շրջան, ուր հարիւրաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած են Քառասուն Մանուկ եկեղեցին եւ աւելի ետք Ազգային Հայկազեան վարժարանը, ապրած են հին հայեր, ապա Մեծ Եղեռնէն ետք հարիւր հազարաւոր հայեր կայք հաստատած են Հալէպ եւ շրջանի աւանները, ու տակաւ առ տակաւ գաղութը ուռճացած է շնորհիւ հայ արհեստաւորներու ճիգին եւ աշխատասիրութեան: Անոնք հազիւ եղեռնապուրծ, կրցած են ճակտի քրտինքով վաստակ շահիլ եւ իրենց հմտութիւնները ի գործ դնել, յատկապէս արհեստագիտութեան մէջ՝ կօշկակարութեան, ինքնաշարժներու նորոգութեան, ոսկերչական եւ բազմաթիւ կալուածներէ ներս, իրենց ջանասիրութեամբ կերտելով արժանաւոր, պատուաբեր կեանք մը:
25 գրութիւններէ բաղկացած այս գիրքը կը յորդի տեսերիզի մը նման կենդանի շունչով ու պատկերներով, ուր կայ հայաթափուող գաղութի մը ոսկեդարեան շրջանի պատմութիւնը: Մեր գրականութեան մէջ եղած է քանդուող քաղաքներու նկարագրութեան եւ կարօտի գրականութեան մշակումը, երբ հայաշատ քաղաքներու մնացորդացներ պատկերուած են: Բոլորիս ծանօթ Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր» քերթուածին մէջ կամ Մուշեղ Իշխանի «Մնաս Բարով Մանկութիւն» գիրքին մէջ նկարագրուած են հայրենի տունէն հեռանալու կսկիծը: Վազգէն Շուշանեանի «Մթին Պատանութիւն»ը կը ներկայացնէ ողջ գերդաստանին եւ անոր հօրենական տան փառահեղ անցեալի անդառնալի կորուստին պատումը: Նման կարօտի զգացումներ կը համակեն նաեւ մեզ, երբ մեր ծննդավայրի յիշատակները կը տողանցեն մեր մտքի պաստառներուն վրայ, պատանութեան մորմոքներ, սէրեր, երիտասարդական աւիւն ու երազներ այնտեղ ձեւաւորուած են ու յանկարծ մահասարսուռ լուրեր, տապալող շէնքեր, ռմբակոծում, մահասփիւռ մթնոլորտ, պատերազմին անդառնալի աւերներն ու տակաւին երկրաշարժին հնձած մարդկային կեանքերը:
Այս տպաւորապաշտ էջերուն մէջ տեղ գտած զգացական զեղումները վարակիչ են բոլորիս համար՝ «Սիրելի Ծննդավայրս» «Անկրկնելի Հալէպ», «Սիրելի Եւ Պաշտելի Իմ Հալէպ»,կամ «Հալէպէն դուրս երկրագունդն ու անջրպետը բանտ են հիմա բոլոր Հալէպահայերուն համար», «Դար մը շարունակ մայրական կաթ ներարկեցիր նորաստեղծ գաղթաշխարհի հայութեան, հայ եկեղեցւոյ, մամուլի, գիրի ու դպրութեան ծառայողներ մատուցելով ամէնուր, ուր հայ էակ կ՛ապրի»: Խօսքը կը վերաբերի այն խաւին, որ արտագաղթի հետեւանքով կը յայտնուէր հայաշատ գաղութներու մէջ եւ կը նետուէր ազգային թէ կրթական կեանքի ասպարէզ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Իսկ եղած է հանգրուան մը , որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 15 աշակերտներէն 14ը եղած են սուրիահայ բարեպաշտներու զաւակներ:
Հեղինակը համառօտ ակնարկ մը նետած է Հալէպի դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, ճեմարաններուն, հայրենակցական միութիւններուն եւ անոնց գործունէութեանց վրայ: Ան չէ զլացած նոյնիսկ յիշելու փողոցներն ու թաղամասերը՝ Թիլելի ակումբը, Վիլլաներու «Արամ Մանուկեան» Հայ կեդրոնը, Նոր գիւղն ու Ազգային Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարաններն ու Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, մէկ խօսքով բոլոր այն տարրերը, որոնց գումարումը ամբողջական ուրուագիծն է հալէպահայ կեանքին: Այդ խաւը իր որոշիչ ներդրումը ունեցած է զանազան գաղութներու կազմակերպական կեանքի ձեւաւորման մէջ:
Երբեմնի բարգաւաճ եւ ծաղկուն գաղութը կը շիջէր, ա՛յս անգամ ալ թուրքին հակահայ եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքով:
Մաթիկ Հալէպէն մեկնումի պահուն օդանաւին մէջէն յետադարձ հայեացք մը կը նետէ իր «Պաշտելի Հալէպ»ին, ըսելով․ «Կը դիտեմ վերջին արեւամարը ասպնջական Սուրիոյ օրհնեալ երկնակամարին վրայ: Հայու բեկորներուն օթեւան այս երկիրը միշտ հիւրընկալ, բոլոր ազգերու խճանկար, հայկական Սփիւռքի առաջին հանգրուան»:
Գլխաւորաբար 2012էն ասդին գրի առնուած այս յուշերը կը հասնին մինչեւ 28 Մայիս, 2023, նախախնամութեան դասաւորումով նոյն ինքն Հալէպի մէջ:
Հակառակ յուզումնախառն պատումներուն, բարձրօրէն գնահատելի է այն լաւատեսութեան ջնարակը, որմով թաթաւուն է իւրաքանչիւր պատումի վերջաբան «Երանելի օրե՜ր բայց ոչ երազային: Կուտակուած ամպերը պիտի հեռանան, Հալէպը կ՛ապրի տակաւին, իսկ հայկական Հալէպը պիտի վերածաղկի ու պիտի ապրի՝ հալէպահայու ժուժկալութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ նախաձեռնող ոգիով»:
ալէպի՝ Փոքրիկ Հայաստանի սրտին վրայ, ուր կը շնչէին արեւմտահայերէն խօսող շուրջ 50,000 հայորդիներ, Մաթիկ Էպլիղաթեան հիմնած էր «Կիլիկիա» գրատունն ու հրատարակչատունը, ինքնին հայաբոյր կեդրոն մը, որ 30 տարիներու ընթացքին, օրէ օր աւելի բարգաւաճած էր, յատկապէս 1992ին, երբ պետութենէն հրատարակչական արտօնագիր կ՛առնէր եւ կը դառնար ռահվիրայ՝ Հալէպի մէջ ձեռնարկելով հայերէն գիրքերու եւ Հայաստանի ու Արցախի քարտէսներու հրատարակութեան, Շուշիի ազատագրման օրերու սպառելով 1000 օրինակ, ապա կը հետեւի անգլերէնը:
«Կիլիկիա» գրախանութի գրասենեակը վերածուած էր գիր ու գրականութեամբ շնչող ազգային դէմքերու ժամադրավայրի:
Իր աշխատանքի վերջին 13 տարիներուն՝ 1999էն 2012 նախապատերազմական տարիներուն, գրատունը մանկապատանեկան հրատարակութիւններու շտեմարանը դարձած էր եւ աշակերտներ իրենց ծնողներուն հետ կ՛այցելէին, ուր Մաթիկ ականատես կ՛ըլլար զաւեշտական երեւոյթներու, ինչպէս՝ ուսուցիչի մը պատուէրին համաձայն երբ հայերէնէ հայերէն բառարանի մը մասին հարց կը տրուէր, յանկարծ ծնողներէն մէկը վրդովուած կ՛ըսէ «Ինչո՞ւ մենք հայերէն չենք գիտեր, որ մեզի բառարան գնել կու տան»: Մինչ Մաթիկին դուստրը օգնութեան կը հասնի բացատրելով անոր բառարանի անհրաժեշտութիւնը, ծնողը կը գնէ եւ զաւկին ականջին կը փսփսայ․ «Ասոնք իրարու հետ համաձայնած են»: Այլ ծնող մը հարց կու տայ, թէ արդեօք «Խենթ Րաֆֆի»ին գիրքը կը վաճառուէր, ուրիշ մը կը խոստովանէր, որ ինք կեանքին մէջ մէկ գիրք անգամ չէր կարդացած, սակայն արտասահմանէն ստացած պատուէրին համար գիրքի գնում կը կատարէր:
Գիրքը սրտաճմլիկ կերպով կը նկարագրէ, թէ պատերազմին մեծագոյն հարուածը ստացած են մեր կրթօճախները, երբ 10,000 եւ աւելի աշակերտութեան թիւը վերածուած էր 2000ի, դպրոցներու փակումով եւ միացումով, որոնք Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան նախկին տնօրէն՝ Զաւէն Եկաւեանի վկայութեամբ կը համարուէին «արեւմտահայերէնի գոյատեւման գլխաւոր ամրոցները»:
Այստեղ արժէ անդրադառնալ, լոս անճելըսաբնակ հալէպահայ Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» գիրքին, որ Հալէպը դարձուցած էր իր գրականութեան առանցքը, եւ իր Հալէպ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, պատերազմի թէժացումէն առաջ, ականատես եղած էր այդ գաղութի յարաճուն վերելքին ու վկայած էր ըսելով․ «Կեանքի իսկական պայքարը հոս է, նուազագոյն միջոցներով, սակայն բարձրագոյն նուիրումով կը պահեն ազգային հպարտանքն ու հարստութիւնը… ինծի համար Հայը հոս ամրօրէն կառչած է իր մշակոյթին»։
Թէեւ երբեմնի բարգաւաճ եւ ծաղկուն գաղութը շիջեցաւ, սակայն տակաւին Հալէպի մէջ կը շարունակուի մշակութային գործունէութիւնը՝ թատրոն, երգչախումբ ու պարախումբ , գրական երեկոներ, որոնք իբր բալասան կը ծառայեն պատերազմին հետեւանքով անմարդավայել կենցաղային պայմաններու մէջ տուայտող ժողովուրդին: Կ՛արժէ յիշատակել, որ տակաւին վերջերս, գիրքի մը ներկայացման առթիւ, ներկաներուն թիւը հասած էր 200ի, այդ ալ սոսկ 10,000 հաշուող հայաթափուած Հալէպին մէջ:
Հալէպի կեանքին անդրադարձած Անդրանիկ Ծառուկեան, դեռ 1955ին իր «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» յուշագրութեամբ, իր «Երազային Հալէպը» գիրքի երկրորդ հատորին կողքին վրայ ըսած է. «Հալէպահայութիւնը, ֆիզիքական առումով, որքան ալ նուազի, որքան ալ պակսին թիւերը, արմատը կը մնայ: Ես համարած եմ խորունկ գիտակցութեամբ, որ հալէպահայութիւնը ամբողջ Սփիւռքի ծաղիկն է: Եթէ սփիւռքահայութիւնը նմանցնենք համեղ, անուշ պտուղի մը, այդ պտուղին կորիզը, այդ պտուղին սնունդ տուող առաջին հունտը Հալէպ քաղաքը եղած է եւ կը մնայ: Կրնամ ըսել, որ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ դիրք ունեցող, ազգային, գրական, կուսակցական դեր կատարող մարդոց իննսուն առ հարիւրը ելած են Հալէպէն»:
«Անկրկնելի Հալէպ»ը բազմերես վկայութիւն մըն է, որ կը սքօղուի կարօտի ջնարակով: Մղիչ ուժն ու ներշնչանքը կարօտաբաղձութիւնն է, երբ ակամայ կը լքես ծննդավայրդ, ուր ապրած ես շուրջ կէս դար եւ վայելած ես վերջին 30 տարիներու ծաղկուն կեանքի բարիքները: Տնտեսական բարգաւաճում, ազգային կեանքէն ներս միութենական աշխոյժ գործունէութիւն, ու մանաւանդ արեւմտահայերէնով շնչող, ապրող ներկայութիւն: Շնորհիւ այն զարթօնքին, որ ծնունդ տուաւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող գրիչներու յանձինս՝ Պերճուհի Աւետեանին, Մարուշ Երամեանին, Մարիանա Պէրթիզլեանին, Լեւոն Շառոյեանին, Տիգրան Գաբոյեանին, վաղամեռիկ Յուշիկ Ղազարեանին եւ այլ նորափթիթ գրիչներու, որոնց ի պատիւ արեւմտահայերէնը կ՛ուռճանար, մինչ այլ գաղութներու մէջ կ՛եղերերգէինք մեր գեղեցիկ ու զուլալ արեւմտահայերէնի կորստեան դատապարտուած ըլլալու կանխատեսումները:
Հեղինակը նաեւ կ՛անդրադառնայ հայկական Քեսապի ամայացման: 21 Մարտ, 2014էն սկսեալ քեսապցիները տարհանուած էին իրենց տուներէն ու այգիներէն․ ըստ քեսապածին Գարեգին Բ. կաթողիկոսին՝ «Քեսապը կտոր մը Հայաստան էր՝ Հայաստանէն դուրս»: Պատմութիւնը կը կրկնուէր: Այդ կտոր մը Հայաստանը ունէր 3000 բնակիչ, իսկ ամրան եւ յատկապէս Ս. Աստուածածնայ տօնին կը հիւրընկալէր 50,000 հայ:
Քեսապի բարբառը մեր ազգային ժառանգութիւնն էր, նման բոլոր բարբառներուն, սակայն աւանդապահ քեսապցին սերունդէ սերունդ կը փոխանցէր այդ հարստութիւնը, միշտ նախանձախնդիր՝ հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման: Հալէպահայութեան կառուցած այնտեղի ամարանոցներն ալ ամայացան ու կողոպտուեցան պատերազմի օրերուն: «Թուրքը հոնկէ ալ անցած էր», ինչպէս ֆրանսացի գրող-մտաւորական՝ Վիքթոր Հիւկօ վկայած էր 200 տարի առաջ:
Սակայն «Անկրկնելի Հալէպը» կը փրկուի յոռետեսութեան փորձութենէն, շնորհիւ Մաթիկի պայծառատեսութեան եւ գալիքի նկատմամբ իր ունեցած ամուր հաւատքին:
«Սակայն փառքի օրերու վարագոյրը չեմ ուզեր փակել: Հաշուեյարդար կատարելէ ետք, տակաւին թթխմորը զօրաւոր է՛ շնորհիւ հոն ապրող աննկուն եւ աննման հայորդիներուն: Վստահ եմ, որ ուշ կամ կանուխ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնի եւ մեկնողներէն համեմատութիւն մը կայ, որ գարնան ծիծեռնակներու նման պիտի վերադառնայ իր բոյնը», կը գրէ ան:
«Անկրկնելի Հալէպը» հեղինակին հոգիի պարտքն ու երախտիքն է ուղղուած իր պաշտելի ծննդավայր Հալէպին:
«Հիմա բոլորս կը սպասենք խաղաղութեան աղաւնին, որուն պիտի յաջորդէ դարձի շեփորը եւ տարագիր զաւակներուդ վերադարձը՝ գիրկդ», կ՛եզրակացնէ ան: