Եղէգնաձորի մէջ բացուեցաւ վեց տուփերէ կազմուած ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու ժամանակաւոր կեդրոն մը, անվճար կրթութիւնը մատչելի դարձնելով մարզին բոլոր պատանիներուն։
«Վեց տուփերէ բաղկացած կեդրոնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ԹՈՒՄՕին՝ կրթութիւն ապահովելու Վայոց Ձորի պատանիներուն՝ մինչեւ մնայուն կեդրոնի վերակառուցման ծաւալուն աշխատանքներու կազմակերպումը եւ իրականացումը։ Արենիի եւ Վայքի պատանիները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան առաւել քան 2 ժամ երթեւեկելու մինչեւ ԹՈՒՄՕի Երեւանի կեդրոնը, որպէսզի ամբողջացնեն իրենց ԹՈՒՄՕական փորձառութիւնը, դասընթացքներու եւ աշխատանոցներու միջոցով։ Մարզին մէջ գործող կրթական ցանցը հնարաւորութիւն կու տայ շաբաթական շուրջ 1300 պատանիներու հմտանալու ամէնէն արդիական բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ խաղերու եւ ֆիլմերու պատրաստութիւն, ծրագրաւորում, թուային նկարչութիւն եւ աւելին», կ՛ըսէ ԹՈՒՄՕի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։