Կիրակի, 8 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, Սահակ Բ. պատրիարքին նախագահութեամբ եւ հոծ թիւով ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։
Պատարագին քարոզեց պատրիարք հայրը՝ բնաբան ունենալով սաղմոսներէն՝ «Ո՜վ Տէր, սորվեցուր ինծի համրել իմ օրերս» նախադասութիւնը։ Ան յիշեցուց, թէ կեանքը անմահ է, սակայն մարդիկ՝ մահկանացու: Այս իսկ պատճառով կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին: Ան ապագային մասին մտածելու համար սքանչելի պատճառ համարեց Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը, որ մեզի կ՛ըսէ. «Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ: Դո՛ւն ալ բան մը ըրէ: Դաս ա՛ռ զիս կառուցողներէն»:
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէն ետք, հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան։
Աւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու յիշատակին։

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւններէն ետք, պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ, թափօրը առաջնորդուեցաւ բակը, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ Անդաստանի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւնները եւ իշխանութիւնները, երկիրը եւ անդաստանները, տարուան պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքները եւ գիւղերը ու անոնց բնակիչները։
Ապա, պատրիարքին օրհնութեամբ՝ արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին։
Այնուհետեւ Սահակ Բ. Պատրիարքը եւ հոգեւոր հայրերու ու սպասարկողներու խումբը Վանայ լիճի ափին սիրոյ սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցան։
Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն երեկոյեան վերադարձան Պոլիս։
Նշենք, որ նախորդ օրը, Սահակ Բ. պատրիարքը այցելած էր Վանի նշանաւոր Վարագայ վանքը: Ինչպէս ծանօթ է, երբեմնի վանքը Վանի երկրաշարժէն վնաս կրած ըլլալով հանդերձ, մասամբ կանգուն է: Հոն կատարուեցաւ ուխտի աղօթք մը։