Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակին (Europeans for Artsakh) առցանց հանդիպումը, մասնակցութեամբ՝ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններուն:
Օրակարգի հիմնական նիւթը Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի ընդառաջ Արցախահայութեան ի նպաստ տարուած քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներն էին:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախաձեռնութեամբ՝ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քարոզչական արշաւներուն մասին զեկուցեց Մարիանա Վարդանեան: Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ COP29-ի գծով կատարուած եւ հետագայ աշխատանքները ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Ժողովին մասնակցողները հաստատեցին, որ Եւրոպայի հայութեան՝ իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկելը չափազանց կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ՝ հետեւեալ նպատակներով.
– Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերիներու ազատ արձակում.
– Արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ արտաքին քաղաքական զօրակցութեան ապահովում եւ Պաքուի վրայ համապատասխան միջազգային ճնշում.
– Ատրպէյճանի ցեղային զտումի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտում.
– Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու հեռացում.
– Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութեան շեշտում։
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 76 երեսփոխանները անբաղձալի անձերու ցանկին վրայ ներառելու որոշումին: Ժողովին մասնակցողները դատապարտեցին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս քայլը եւ որոշեցին զօրավիգ կանգնիլ Պաքու իրենց մուտքը արգիլուած երեսփոխաններուն:
Այս գրառումը բաժնեկցելու ատեն գործածել հետեւեալ հեշթեկները.
#COP29 #cop29exposed #copout29 #FreeArmenianHostages #Stopgreenwashgenocide#FreeArmenianPOWs