Ատրպէյճանի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի հարցերու գծով COP29 խորհրդաժողովին ընդառաջ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պեն Քարտըն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` որոշ զիջումներ կատարելու:
«COP29-ին պէս միջազգային մեծ խորհրդաժողովը հիւրընկալելը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ հիւրընկալող երկիրները կ՛արտօնեն տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճան այդ մէկը չէ կատարած»: Եթէ Ատրպէյճան կը ձգտի Եւրատլանտեան համայնքին հետ կայուն յարաբերութիւններ հաստատել, ես նախագահ Ալիեւին կոչ կ՛ուղղեմ` ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարօրէն բանտարկուած անձերը, ներառեալ՝ հայ գերիները եւ կենսոլորտի պաշտպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային պայմաններուն եւ միջավայրին վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր կատարած են», կը յայտարարէ Քարտըն` աւելցնելով. «Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` ցոյց տալու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իր նուիրուածութիւնը` այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելով»: