ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն նուազ քան երկու ամիս առաջ, 10 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած՝ ներկայ փոխնախագահ Քամալա Հերիսի եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին բանավէճը։
Մինչ հարցախոյզներու արդիւնքները կը վկայեն, թէ անոնց վայելած ժողովրդականութիւնը գրեթէ հաւասար է, բանավէճին հետեւած քաղաքական մեկնաբանները կը գրեն, թէ բանավէճէն յաղթական դուրս եկաւ Հերիս, սակայն յստակ չէ, թէ յաղթանակը որքան յաւելեալ քուէներ պիտի ապահովէ անոր, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Թրամփի համակիրներուն մեծամասնութիւնը անդրդուելի կը թուի գրեթէ բոլոր փաստերուն դէմ։
Հերիս-Թրամփ բանավէճը տեւեց առաւել քան մէկուկէս ժամ եւ համադրողները դարձեալ դժուարութիւն ունեցան զսպելու սահմաններ անտեսելու մղումը ունեցող Թրամփը, որուն պատասխանները յաճախ կապ չունէին հարցումներուն հետ, այլ՝ կրկնութիւններ էին իր ընտրապայքարին ընթացքին կատարած պնդումներուն, որոնց վրայ աւելցաւ նաեւ այն, որ Օհայոյի մէջ ապօրինի գաղթականները սկսած են իրենց դրացիներուն շուները եւ կատուները ուտել… կամ՝ կարգ մը նահանգներու մէջ նորածիններ «մահապատիժ»ի կ՛ենթարկուին ծնելէ անմիջապէս ետք…
Ըստ CNN-ի հարցախոյզին՝ դիտողներուն 63 տոկոսը ունի այն տպաւորութիւնը, թէ Հերիս եղաւ բանավէճին յաղթողը։