Ատրպէյճան այցելող Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ 14 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործող նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Պայրամով եւ Քըլըչ քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովական հարցեր:
Պայրամով մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին: Ան յայտարարեց, թէ խաղաղ գործընթացին դիմաց կը մնան տակաւին քանի մը մարտահրաւէրներ, «որոնց կարգին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ շարունակուող յաւակնութիւնները Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, երրորդ երկիրներու քայլերը, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի ռազմականացման եւ կը սպառնան տարածաշրջանային ապահովութեան»: