
ՊԱՔՈՒ «ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՌԱՆԱԼԸ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄ ՈՐԱԿԵԼԸ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Ճիշդ մէկ տարի առաջ՝ 19 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակումին պատճառով, Արցախի բնակչութիւնը՝ առաւել քանի 115,000 հայեր, քանի մը օրուան ընթացքին ստիպուած եղան հեռանալու իրենց սեփական բնակավայրերէն: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ առիթով հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը հետեւեալ.
«Մէկ տարի առաջ Սեպտեմբերի 19ին Ադրբեջանի կողմից ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնիկ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 115,000 հայ, մի քանի օրուայ ընթացքում ստիպուած եղաւ լքել սեփական բնակավայրերը: Այս տեղահանութիւնը, որը էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութեան վերջին փուլն էր, տեղի ունեցաւ ՄԱԿ Գլխաւոր ասամբլեայի (ժողովի) նստաշրջանի ընթացքում, երբ ողջ միջազգային հանրութիւնը հերթական անգամ քննարկում էր հակամարտութիւնների խաղաղ կարգաւորման, կայունութեան հաստատման ու զարգացման հրամայականը՝ դատապարտելով ուժի կիրառման, միջազգային նորմերի, մարդու իրաւունքների խախտումների դրսեւորումներն աշխարհի տարբեր անկիւններում:
«Անցնող մէկ տարուայ ընթացքում ՀՀ կառավարութիւնը, այդ թւում նաեւ՝ միջազգային գործընկերների աջակցութեամբ, ձեռնարկեց բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ հասցէագրելու ԼՂ տեղահանուած հայերի առաջնային եւ միջնաժամկէտ կարիքները, ինչպէս նաեւ մշակելու երկարաժամկէտ հեռանկարում անհրաժեշտ ծրագրեր:
«Յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքում կրկին մեկնարկելու են ՄԱԿ Գլխաւոր ասամբլեայի բարձրաստիճան քննարկումները. վերջին մէկ տարուայ իրադարձութիւններն ի ցոյց են դնում միջազգային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ անյետաձգելի ջանքերի, խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւն տուող գաղափարների, քայլերի կեանքի կոչման կարեւորութիւնը»:
Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման գծով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը յստակ է. խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու շուտափոյթ հաստատում՝ հիմնուած գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումի, տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման, արդիւնաւէտ փոխկապակցուածութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման տեսլականին վրայ:
«Վերջինիս կեանքի կոչման՝ այս պահին առկայ հնարաւորութիւնը բաց չթողնելու եւ սերունդների համար առաւել կայուն ու արժանապատիւ կեանքի համար նպաստաւոր միջավայր ձեւաւորելու նպատակով այս հարցում շահագրգիռ միւս դերակատարներից ակնկալում ենք անհրաժեշտ քաղաքական կամքի եւ խաղաղութեան օրակարգին յանձնառութեան յստակ դրսեւորում», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:
Արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ըսաւ, որ «Ատրպէյճանի տարածքէն հայերուն հեռանալը ցեղային զտում որակելը կեղծաւորութիւն է»:
«Անթոյլատրելի է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ղարաբաղի տնտեսական տարածաշրջանին մէջ գտնուող Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու զինաթափումը եւ դուրսբերումը, որ ուղղուած էր Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ սահմանադրական կարգի վերականգնման, կ՛որակէ իբրեւ «յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի վրայ» եւ «ցեղային զտում», նշեց Հաճիզատէ: