

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճաշուա Հաք 19 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին ղեկավարներուն հետ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հաքի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու աշխոյժ բնոյթը եւ կարեւոր նկատեց ամերիկեան վարչակազմին աջակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացին: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացման թիրախային ծրագիրներու, որոնց կարգին՝ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ծրագիրը:
Հաք ընդգծեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջ տանելու եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ծրագիրներու ընդարձակումը եւ ֆինանսաւորման ծաւալներու յաւելումը այդ նպատակին կը միտի։
Զրուցակիցները անդրադարձան այս տարուան Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ անոնց իրականացման ընթացքին:
Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին գծով քննարկումներուն եւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին: Այս պարունակին մէջ, Փաշինեան խօսեցաւ հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն մասին եւ ընդգծեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին ու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման:
Հաքի՝Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին եւս քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը եւ տարածաշրջանային հարցեր:
Անոնք ընդգծեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլի` ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ իրականացուած միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը. անոնք նախանշեցին յառաջիկայ ծրագիրները, եւ անդրադարձան քաղաքական երկխօսութեան խորացման զուգահեռ նաեւ ոլորտային ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն, որոնց կարգին՝ առեւտուրի խթանումը:
Տարածաշրջանային հարցերու պարունակին մէջ, Միրզոյեան եւ Հաք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր: Միրզոյեան շեշտեց երկու տարուան բանակցութիւններէ ետք մշակուած խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման ճամբուն վրայ արհեստական խոչընդոտներէն խուսափելու եւ կարեւորութիւնը զայն ստորագրելու համաձայնեցուած բովանդակութեամբ, որ կը միտի Հարաւային Կովկասի մէջ յարատեւ խաղաղութիւն ապահովել:
Միրզոյեան վերահաստատեց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն` հանրայայտ սկզբունքներուն հիման վրայ ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հաքի հետ իր հանդիպումին մասին արձագանգեց՝ հրապարակելով հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Զրուցակցիս հետ քննարկել ենք Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգային հարցեր: Մասնաւորապէս` անդրադարձ ենք կատարել տնտեսական յարաբերութիւնների զարգացմանը, ոլորտում իրականացուող համագործակցութեան ամրապնդմանը: Շեշտել ենք նաեւ երկկողմ բազմաոլորտ համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպմանն անդրադարձ ենք կատարել նաեւ տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին, հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւնների կարգաւորման բանակցային գործընթացին»:
Հաք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: