Աւանդութիւն է, որ ամէն տարի Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխարհատարած մարմինները կը կազմակերպեն կուսակցութեան հիմնադրութեան տօնակատարութիւնը, որ խորքին մէջ Հ.Յ.Դ. Օրն է:
Աւանդութիւն բառը կրնայ «սովորութեան» մը գաղափարը պարունակել, այդ պատճառով ալ պարտինք անմիջապէս յստակացնել, թէ ուրի՛շ բան մը կայ, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ կազմակերպելու Հ.Յ.Դ. Օրը: Այդ ալ՝ հաշուետուութեան գաղափարն է: Հաշուետուութիւն այն ժողովուրդին, որմէ ծնունդ առած է այս կազմակերպութիւնը: Հաշուետուութիւն այն ժողովուրդին, որուն համար կը գործէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ հաշուետուութիւն այն հայրենիքին, որուն համար 117 տարիներէ ի վեր կը գործէ այս կազմակերպութիւնը:
Մինչեւ 1988, Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործունէութիւնը սահմանափակուած էր միայն Սփիւռքի մէջ: Հոն է, որ կը կատարուէին գաղութներու կազմակերպչական աշխատանքները, ազգային, քաղաքական, կրթական, ընկերային, մարզամշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Հոն է, որ կը կատարուէին Հայ Դատի աշխատանքները, հայութեան իրաւունքներու հետապնդումի աշխատանքները:
Արցախեան շարժումով նոր իրականութիւն ստեղծուեցաւ: Օտար լուծի տակ մնացած հայապատկան հողամաս մը ազատագրելու խնդիրը կը դրուէր Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ: Արցախեան շարժումին զարգացման զուգահեռ, կը ստեղծուէր նոր տեսակի իրականութիւն մը՝ անկախ Հայաստանի գոյառումը:
Այս ձեւով, քանի մը տարուան ընթացքին, հայկական իրականութիւնը կը յեղաշրջուէր եւ ուրեմն՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխատանքային դաշտը ոչ միայն աշխարհագրական առումով, այլեւ քաղաքական եւ այլ բնագաւառներէ ներս ամբողջովին նոր ու բազմաշերտ բնոյթ կը ստանար:
Անցնող տարուան ընթացքին, Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան մարմինները հետամուտ եղան մեր ազգային-հասարակական կառոյցներու աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքին: Հայութեան իրաւունքներու ճանաչման ու հետապնդումի առումով առնուեցան նոր նախաձեռնութիւններ՝ ոչ միայն Ուաշինկթընի, այլեւ մինչեւ իսկ հեռաւոր Չիլիի եւ նոյնինքն այս օրերուն Պրիւքսէլի մէջ, ուր տեղի կ’ունենայ հայութեան պահանջները անգամ մը եւս Եւրոպական միութեան գերաստիճանին յիշեցնելու ժողովրդային ցոյց՝ միայն ժամեր առաջ այս տողերու լոյս ընծայուելէն:
Ամերիկայի տարածքին, տպագիր ու եթերային լրատուամիջոցներով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը շարունակեց ամերիկահայութեան գիտակցական աշխարհէն ներս վառ պահել հայութեան ընդհանրական իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու անհրաժեշտութիւնը, անոր մօտ ստեղծել ու զարգացնել քաղաքական շահերու գիտակցութեան բարձր մակարդակ: Եւ ահաւասիկ, երբ հասաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող քոնկրէսական բանաձեւը Մ. Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն մէջ արծարծելու պահը, ամերիկահայութիւնը եւ յատկապէս ամերիկահայ քաղաքական գործիչները «ամբողջական զինուորագրում» յայտարարեցին: Եւ ժողովուրդը ընդառաջեց այդ իւրայատուկ զինուորագրումի կոչին:
Հայաստանը շարունակեց մնալ Ուաշինկթընի մէջ մեր քաղաքական աշխատանքներու կիզակէտին վրայ՝ ըլլայ անոր յատկացուելիք ամերիկեան տնտեսական օժանդակութեան չափը բարձրացնելու առումով, ըլլայ առեւտրատնտեսական ու քաղաքական կապերու առումով նպաստաւոր մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծելով ամերիկեան օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութիւններուն մօտ:
Արցախի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հետամուտ եղաւ շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճումին: Խորհրդարանի թէ գործադիր իշխանութեան մակարդակներու վրայ, Դաշնակցութիւնը իր տեղական մարմիններուն միջոցով փորձեց իր առաւելագոյնը տալ: Այս տրամաբանութեամբ ալ, Դաշնակցութիւնը ջատագովը հանդիսացաւ Արցախի մէջ սահմանադրական օրինականութեան ծիրին մէջ կատարուող բնականոն իշխանափոխութեան ու սատարեց նորընտիր նախագահին:
Հայաստանի մէջ, քանի մը ամիս առաջ, դարձեալ հնչած էր պատասխանատուութիւն ստանձելու պահը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններով: Դաշնակցութիւնը հանրութեան պարզեց երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր տեսակէտները, ներքին ընկերային-տնտեսական ու այլ բնագաւառներու մէջ արդար հասարակարգ մը ստեղծելու իր ձգտումները եւ հիմնաւորումները: Ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստան տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք ժողովրդավարութեան ամրապնդումի, ընտրական համակարգը կատարելագործելու ուղիին վրայ: Եւ մենք կը մնանք անտեղիտալի՝ այս իմաստով:
Ահաւասիկ, մօտաւորապէս երկու ամիսէն, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն: Մենք ըսելիք-ընելիք պիտի ունենա՞նք այս հանգրուանին: Բնականաբար՝ այո՛: Որովհետեւ պատասխանատուութիւն ունինք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին նկատմամբ: Այս պատճառով ալ, ներկայացուած է Վահան Յովհաննիսեանի թեկնածութիւնը՝ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին:
Այս բոլոր հարցերուն մասին մեր ժողովուրդին համապարփակ զեկուցում-հաշուետուութիւն ներկայացնելու օր է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրը: Յար եւ նման արդարադատութեան այն ատեանին, ուր անաչառ դատաւորին կը ներկայացուին բոլոր տուեալները, որպէսզի ան տայ իր վճիռը: Իսկ այս պարագային, անաչառ դատաւորը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ հայ ժողովուրդը, իսկ Դաշնակցութիւնը ծառան է հայ ժողովուրդին: