«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 24 Սեպտեմբերին, Արցախի նախագահին նախաձեռնութեամբ, հանրութեան լայն շերտերու հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Անիկա նուիրուած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն նահատակուած եւ Արցախի մէջ 2023ի պայթումին զոհերու յիշատակին:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զոհուած ազատամարտիկներու, պայթիւնին պատճառով զոհուած արցախցիներու հարազատներ ու հայրենակիցներ:
Արցախի տեղահանումէն մէկ տարի ետք, Արցախի հողին մէջ ննջող մեր պայքարի նուիրեալներու հարազատներուն համար ասիկա պիտի ըլլայ մխիթարութեան վայր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ ծաղիկներ զետեղել ու խնկարկել հարազատներու յիշատակը:


Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան կատարեց,օրհնութեան կարգ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն. ան աղօթք բարձրացուց 25 Սեպտեմբեր 2023ի պայթումին պատճառով զոհուած հայրենակիցներուն յիշատակին:
«Քրիստոնէութիւնը մեր արժանապատուութիւնն է. մեր արժանապատուութիւնը, համայն հայութեան խաչը Արցախն է, որը գերեվարուած է այսօր: Քրիսոտնեայ աշխարհը պէտք է կրկին զգայ, որ գերեվարուած է իր արժանապատուութիւնը, որպէսզի նորից վերականգնի հայի, քրիստոնեայի արժանապատուութիւնը:
Իմ թիկունքին երկու դրօշ է` Հայաստանի եւ Արցախի, մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունենայ, այլ կարողանայ իր առաքելութիւնն իրականացնել, տեսանելի լինի` որպէս միակ երաշխաւոր Արցախի ժողովրդի իրաւունքների։ Ուստի ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանում լինի լիարժէք` իր օրէնսդիր ու գործադիր բոլոր կանոններով: Արցախը պէտք է տեսանելի լինի ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար», ըսաւ առաջնորդը, ապա օրհնութեան կարգ կատարեց:
Արցախեան պատերազմի նահատակ ազատամարտիկներ Նորայր եւ Երուանդ Հանջեաններուն հայրը` Միքայէլ Հաջեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ որդիներու յիշատակի օրերուն կ՛այցելեն Երեւանի երրորդ մասին մէջ գտնուող յուշաղբիւրը, ուր Նորայրին անունն ալ գրուած է 2016ի ապրիլեան պատերազմի միւս նահատակներուն անուններուն կողքին: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ հոն այցելել, բայց «Եռաբլուր»ի մէջ բացուած յուշակոթողը պիտի համախմբէ բոլորը եւ ծաղիկ զետեղելու, յիշատակը խնկարկելու կարելիութիւն է:


«Մենք անպայման կը վերադառնանք տուն ու կը վերականգնենք մեր անկախ, ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութիւնը: Այդ վերածնունդը հեռու չէ։ Ես դիմում եմ մեր բոլոր այն տղաներին, ովքեր մնացել են Ստեփանակերտում, մայր հողում, ում հոգիները սաւառնում են Արցախի երկնքում` սպասումով լի, վստահութեամբ, որ մենք բոլորս անպայման պիտի վերադառնանք ու տէր կանգնենք մեր հայրենի հողին, տէր կանգնենք արցախեան քաղաքակրթական արժէքներին: Ես հաւատացնում եմ տղաներին` տղերք ջան, մենք ձեզ հետ ենք, մենք անպայման վերադառնալու ենք: Ես հաւատացնում եմ ձեզ, դա երազանք չէ, դա նպատակ է, նպատակ, որը պարտադիր իրականացման է ենթակայ: Ես դիմում եմ այստեղ հաւաքուածներին`ժողովուրդ ջան, եկէք, անկախ իւրաքանչիւրիս կուսակցական եւ այլ պատկանելութիւնից, համախմբուած լինենք, եկէք սոցիալական (ընկերային) ցանցերը չլցնենք պառակտող նիւթերով, եկէք իմանանք, որ միասնաբար միայն կարող ենք իրագործել մեր գլխաւոր գերագոյն նպատակը` Արցախի ազատագրումը եւ Արցախ մեր արժանապատիւ վերադարձը», ըսաւ ան։
Տեղահանուած ու որդիներուն գերեզմանները Արցախի մէջ ձգած հայրը չի դադրիր պայքարելէ` այս անգամ իրաւական դաշտին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր իրաւունքներու ոտնահարման հայցով դիմած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին:

Զոհուած զինուորներէն մէկուն մայրը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայրենիքի հանդէպ սէրը կ՛արտայայտուի վտանգի պահուն, երբ պէտք է զոհաբերել սեփական կեանքը Արցախի համար։
«Արցախի կանչ» յուշակոթողը կարելի եղածին չափ պիտի նմանի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին: Յուշակոթողի ճարտարապետներէն Միքայէլ Սարգսեան յայտնեց, որ կոթողին տարածքը շուրջ 500 քառ. մեթր է: Բուն կոթողը պիտի ունենայ 6 մեթր բարձրութիւն: «Ճարտարապետական մինիմալիստական (նուազապաշտական) ոճով է պատրաստուելու, որպէսզի մեր ժողովրդի պարզութիւնն արտացոլուի: Ունենալու է բաց խորան, որտեղ բրոնզէ տառերով գրուելու է յուշակոթողի անուանումը, լինելու է ծաղիկների խոնարհման, մոմավառութեան, խունկ ծխելու տեղեր», ըսաւ ան:
«Մեր ժողովրդի մեծ մասի հանգրուանը դարձել է մայր Հայաստանը, ժամանակաւոր հանգրուանը, որովհետեւ ոչ մի արցախցի երբեք չի կորցրել ու չի կորցնի տուն վերադառնալու յոյսն ու նպատակը: Այս մէկ տարուայ ընթացքում շատ ենք լսել մեր հայրենակիցներից`լացելու տեղ անգամ չունենք: Հայրենիքում են մնացել մեր պապերն ու տատերը, քոյրերն ու եղբայրները, ամուսինները, զաւակները: Այդ մեծ ցաւը փոքր-ինչ մեղմելու նպատակով հասարակութեան տարբեր շերտերի հետ պարբերական քննարկումների արդիւնքում եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի նախաձեռնութեամբ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնում կը կառուցուի Արցախի կանչը յուշակոթողը», յայտնեց նախաձեռնութեան համակարգող Յունան Թադեւոսեան: