Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ 26 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ կողմերը համաձայնեցան յաւելեալ ջանքեր թափելել՝ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագիրը՝ մօտիկ ապագային կնքելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ ասոնք նախարարներուն առաջին դէմ դիմաց բանակցութիւններն են արդէն համաձայնեցուած 16 կէտերով խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու՝ Հայաստանի առաջարկէն ետք, զոր Ատրպէյճան գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր հետեւողականօրէն կը մերժէ: