Ըստ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումները բացասական չեն թուիր: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ:
«Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը դռներ պիտի բանայ աւելի մեծ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար եւ դրականօրէն պիտի ազդէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ», յայտնեց Էրտողան՝ աւելցնելով. «Երբ մենք նայինք պարոն Փաշինեանի մօտեցումներուն, անոնք բացասական չեն թուիր: Անոնք կը փափաքին, որ Թուրքիա աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումին եւ ապահովէ անոնց խաղաղ ապրիլը՝ իբրեւ դրացիներ. այդ մէկը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ իրականացնել: Մենք արդէն կը զբաղինք անորմով եւ կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ»։
Էրտողան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ աստիճանաբար պիտի կարգաւորուին զարգացումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ երկու պետութիւններուն միջեւ դժուարութիւնները յաղթահարելով՝ կարելի պիտի ըլլայ ընթանալ դէպի առջեւ: «Երկու կողմերն ալ, իրականութեան մէջ, խաղաղութեան կողմնակից են: Ատրպէյճան ներկայիս զբաղած է այս ակնկալութեամբ եւ ջանքերով, եւ մենք նոյնը տեսած ենք Հայաստանի մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութեան եւ հանգստութեան մթնոլորտը, որ պիտի յառաջանայ, պիտի բխի բոլորին շահերէն: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը նոր կարելիութիւններու դուռ պիտի բանայ երկու երկիրներուն համար», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յաջող աւարտը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ: