Մոսկուա եւ Պաքու մտադիր են ամրապնդել արտաքին քաղաքական համակարգումը թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով եւ թէ զանազան միջազգային հարթակներու վրայ, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ որուն, այս հարցը քննարկուած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի` Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին:
Մանրամասն քննարկումին ընթացքին տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում` երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ շրջանային հարցերու շուրջ: