27 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը եւ զօրակցեցաւ ու իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տասնամեակներ տեւող հակամարտութեան պատճառով իրենց կեանքը զոհած հայերուն:
Այս մասին կը յայտնեն ամերիկեան դեսպանատունէն:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան հետ` օգնելու իրենց տունը եւ ապրուստը կորսնցուցած անձերուն։ Մենք կը վերահաստատենք մեր հաստատուն աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման, որ պիտի երաշխաւորէ կայունութիւն եւ ապահովութիւն», կ՛ըսուի դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։