
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Սրտի եւ խղճի երախտագիտական պարտք՝ յանուն բոլոր բարեկամներու, ուղղուած՝ բարերար, մեծ հայասէր եւ ընկերասէր Երջօ Սամուէլեանի, որ քանի մը օր առաջ, Լիբանանի մէջ, կնքեց իր մահկանացուն: Թող այս տողերը երկնային լոյսով ողողեն անոր անմեռ հոգին եւ յաւերժացնեն յիշատակը առատաձեռն եւ սկզբունքի տէր հայ մեծ բարերարին:
««Եռագոյն ակումբ»ը բաց է, Հայրիկը հոս է»․․․։
Լիբանանի թեմի առաջնորդութեանս շրջանին, 2006ին, Ազգային իշխանութեան անդամ Րաֆֆի Սիսլեանի միջոցաւ հանդիպեցայ Երջօ անունով ծանօթ Երջանիկ Սամուէլեանին՝ իր վաղեմի ընկերոջ՝ բժիշկ Յարութ Նիկոլեանի տան մէջ։ Այնուհետեւ, զանազան առիթներով, դարձեալ կը հանդիպէինք մտերիմ բարեկամներու տուներէն ներս, երբ Երջոն Չինաստանէն Լիբանան այցելէր։ Կարճ ժամանակի ընթացքին, Երջոյին այցելութիւնները աւելի յաճախակի սկսան ըլլալ, ինչպէս նաեւ մեր հանդիպումները` ընկերական նեղ շրջանակի մը մէջ։
Փոքր տարիքէն տարաշխարհներու մէջ անխորտակելի կամքով եւ արկածախնդրական հանգրուաններով կեանքի ասպարէզ նետուած Երջոն, յանգած էր Չինաստան, եւ արդէն վարպետ արհեստաւորի յատկութիւններով կօշկեղէնի արտադրական բարգաւաճ ու ընդարձակ գործատեղի մը հաստատած։ Նիւթական հարստութեան մեծ կարելիութիւնները միշտ քողարկուած մնացին իր պարզ կեանքին ետին։ Սեթեւեթ ապրելակերպին հանդէպ ժուժկալ էր իբրեւ մարդ, մինչ առատաձեռն բարերար էր հանրօգուտ եւ կրթական կարիքներու դիմաց. երբեւէ չեղան դիմումներ, որոնք մերժուած ըլլային իր կողմէ։
Ծնողասէր էր, գուրգուրոտ յարգանք կը ցուցաբերէր լոսանճելըսաբնակ հօրը եւ չափազանց սէր ու հոգատարութիւն՝ մօրը, մանաւանդ այս վերջինին ծանր հիւանդութեան ատեն, երկշաբաթեայ անխափան դրութեամբ գործի վայրէն՝ Չինաստանէն Լոս Անճելըս երթեւեկելով։ Շրջապատի մարդկանց կարիքներուն նկատմամբ եւս գերզգայուն էր, բնաւորութիւն մը, որ մինչեւ վերջ զինք գլխաւոր հոգածուն դարձուց ե՛ւ իր գերդաստանի բոլոր անդամներուն անխտիր եւ շատ-շատերու կարիքներուն նկատմամբ։
2008ին, ներկայ եղանք Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի բնակիչ ազնիւ հայորդի՝ Զօհրապ Քըվըրեանի յիսուներորդ տարեդարձին, որուն բարիքները իբրեւ նպաստ ան շնորհեց Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն: Րաֆֆի Սիսլեանի հետ դէպի Լիբանան մեր վերադարձին, հանդիպեցանք Չինաստանի Կուանկճօ քաղաքի մեր սիրելի բարեկամ Երջոյին։ Շաբաթավերջ մը տեւող այս այցելութիւնը երազի մը պէս հաճելի ու անմոռանալի եղաւ, աւելի ճիշդ՝ կարծես երազ ըլլար։ Այնուհետեւ մեր կեանքին մէջ երազը աւելի մեծ չափերով շարունակուեցաւ:
Մագնիսական քաշողականութեամբ մը, մեր նեղ շրջանակի հանդիպման վայրը միշտ եղաւ Երջոյին կեցութեան վայրը, ուր որ ըլլար ան՝ Պէյրութ, Այնճար, Չինաստան, Ֆրանսա, թէ Աւստրալիա։ Ա՛լ հանդիպումները նորոգ խանդավառութեան եւ զուարճալի պահերու կը վերածուէին, յաճախ երկար ժամեր՝ լոյսը մինչեւ լոյս տեւող պահեր, ուրախալի եւ անմոռանալի։
Լիբանան այցելութեանց առթիւ, մեր հանդիպումները առօրեայ եղան։ Նկատի առնելով Երջոյին իւրայատուկ սէրը Եռագոյնին, իր գտնուած վայրը կոչեցինք «Եռագոյն ակումբ», եւ իր հոգատար ու ընկերասէր, համախմբող բնաւորութեան համաձայն, զինք ալ կոչեցինք «Հայրիկ»։ Իսկ ամէն հաւաքի առթիւ, իր դրան վրայ կախուած կ՛ըլլար՝ ««Եռագոյն ակումբ»ը բաց է, Հայրիկը հոս է» գրութիւնը։
Մեր հաւաքները նաեւ նկարագիր ստացան, որովհետեւ «Եռագոյն ակումբ»ի անդամ ըլլալը եւ «Հայրիկ»ին ընկերութիւնը վայելելը մարդկային եւ ընկերային լուրջ արժեչափեր կ՛ենթադրէին. արժէքներ, որոնք կը նշանակէին հաւատարիմ ընկերասիրութիւն, անշահախնդիր մարդասիրութիւն եւ այնպիսի վեհ իտէալներ, որոնց նուիրական արժէքին մասին ան շատ անգամ բարձրաձայն կը խորհրդածէր:
Մեծ ընկերասէր եւ բացառիկ հիւրընկալ էր «Հայրիկ»ը։ Անձնապէս կը հոգար մեր բոլոր հանդիպումներուն, կերուխումը։ Նշանաւոր էր խորովածի յատուկ իր «Եռագոյն կասկարա»ներով նաեւ իր բոլոր բնակավայրերուն մէջ. իրեն յատուկ չափանիշներով շինել տուած եւ թուարկած էր զանոնք, որոնց շուրջ, իր ղեկավարութեամբ, մեր բոլոր հաւաքները, կերուխումէ աւելի, ընկերական մտերմիկ, զուարճալի, խինդ ու ծիծաղի հիանալի պահեր կ՛ըլլային։ Իրօք որ, Երջանիկին հետ՝ երջանիկ պահեր։
Հաճելիին կողքին, նաեւ արդիւնաւէտ եղան մեր հանդիպումները։ Գէթ պատմութեան համար նշենք, որ Ազգային առաջնորդարանի հետ կապուած շինարարական, կրթական, ընկերային ծրագիրներ սկսան իրարու ետեւէ իրագործուիլ՝ շնորհիւ մեր միջեւ հաստատուած փոխադարձ վստահութեան: Հայաստանի եւ հայկական տարբեր գաղութներու կողքին, Լիբանանի մէջ եւս Երջոյին բարերարութիւնը վարակիչ երեւոյթ ստացաւ։ Իր հաստատած «Եռագոյն» ֆոնտին միջոցով ընդլայնուեցան բարերարութիւնները եւ ընդգրկեցին ազգային հաստատութիւններ, միութիւններ ու կառոյցներ, ինչպէս՝ «Ազդակ» օրաթերթ, Հայկազեան համալսարան, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ՀԲԸՄ,ՀԵԸ-Անդրանիկ, «Թռչնոց Բոյն», ՔԱՀԼ, Ազգային ծերանոց, «Զուարթնոց» կեդրոն, տակաւին չհաշուած ծանօթ-անծանօթ անհատներու եւ ընտանիքներու ուղղուած զանազան օժանդակութիւններ, որոնք երբեք կանգ չառին մինչեւ վերջերս, նոյնիսկ երբ «Հայրիկ»ը ծանրօրէն հիւանդացած էր եւ անկողնոյ կը ծառայէր:
Ի գին ամէն զոհողութեան, «Հայրիկ»ը անտեղիտալիօրէն սկզբունքի տէր անձ էր։ Հայութիւնը կը գրաւէր առաջին տեղը իր սկզբունքներուն։ Հակառակ իր բազմազգեան բարեկամութիւններու լայն շրջանակին, ան միշտ կառչած մնաց հայ ընտանիք կազմելու սկզբունքին, բայց, դժբախտաբար, անոր բազմազբաղ կեանքը առիթ չտուաւ որ կազմէր իր սեփական ընտանիքը: Կլանուած էր ո՛չ միայն գործի ասպարէզով, այլեւ հարազատներու եւ բարեկամներու կարիքներու լիաբուռն հոգատարութեամբ։ Թէեւ հայկական ընտանիքի հայր չեղաւ, բայց շատ-շատ հայ ընտանիքներու «Հայրիկ»ը եղաւ։
Իբրեւ գործի մարդ, Երջոն մեծ ջատագով մըն էր TEAM WORK հասկացողութեան, հաւատարիմ հետեւող մը հաւաքական աշխատանքի սկզբունքին, որով նաեւ կը գնահատէր բոլոր տեսակի աշխատանքներու եւ ծրագիրներու յաջողութիւնը։ Ցարդ կանգուն կը մնայ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն սրահ»ին մէջ իր իսկ մտայղացումով՝ հսկայ ծառի մը բունին փորագրուած քանդակ մը, որ TEAM WORK կը խորհրդանշէ:
«Հայրիկ»ին պարզութիւնը կը շփոթեցնէր հասարակութիւնը։ Անանձնական եւ անպայմանական մեծ բարերար մըն էր։ Որեւէ բարերարութեան պարագային, ոչ նախապայման, ոչ ալ ակնկալութիւն ունէր։ Օրինակ՝ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքի ամբողջական բարերարութեան համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշան ստանալը իր անձին չափ նախապատիւ նկատեց նաեւ Հէնրի եւ Րաֆֆի Սիսլեան եղբայրները, որոնք առաջնորդարանի շինութեան եւ կահաւորման աշխատանքներու հսկողութիւնը կատարեցին սիրայօժար, անփոխադարձ եւ առօրեայ դրութեամբ: Իսկ ինքը՝ «Հայրիկ»ը, Չինաստան եղած ատեն «յարթնութեան թէ ի քուն երազ» ծրագրեց, նախագծեց, թելադրեց, ապա Լիբանան գտնուած ատեն, ամէնօրեայ ներկայութեամբ միացաւ Սիսլեան եղբայրներուն, աշխատանքի նոյն վայրին մէջ։
«Եռագոյն ակումբ»ի անդամներուս համար անմոռանալի, ուրախալի եւ քաղցր յիշատակներ կան, որոնց մտովի վերաքաղը գոհունակութեան լայն ժպիտ մը կ՛ուրուագծէ դէմքիդ վրայ, ու կ՛ըսես՝ «երա՞զ էր»։ Այո՛, երազի մը հանգոյն էր։ Բայց այնպէս կ՛երեւի, որ մէկու մը երազը այլոց մղձաւանջն է…: Այդպէ՛ս ալ եղաւ։ Մղձաւանջը իր գործը ըրաւ․․․։ «Եռագոյն ակումբ»ին հաւաքները դադրեցան, եւ «Հայրիկ»ին դրան վրայ այլեւս չկախուեցաւ՝ «Եռագոյն ակումբը բաց է, Հայրիկը հոս է» գրութիւնը…
Գեղեցիկ երազէ մը արթնցած ըլլալու յուսախաբութիւն մը չապրելու համար, այս պահուն կը վերադառնամ անցեալի երազանման տարիներու այն օրերուն, ուր շօշափելի իրագործումներ կը յաջորդէին իրարու, որոնց թուումն անգամ կ՛անդրանցնին գրութեան մը սահմանափակ տողերը: Գէթ նշեմ գլխաւորներէն երկու կոթողականներ․ առաջին՝ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի կիսաւարտ մնացած նոր շէնքի ամբողջապէս վերադասաւորուած կառուցումն ու կահաւորումը, յատկապէս ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ԵՌԱԳՈՅՆ ՀԱՆԴԻՍԱՍՐԱՀի հիասքանչ դահլիճներով, ուր տարիներ ամբողջ հիւրընկալուեցան համահայկական բնոյթի հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային տօնախմբութիւններ՝ որակային ցատք պարգեւելով լիբանանահայութեան համազգային կեանքին, ա՛լ չհաշուած պետական պատկառելի կարգ մը մարդոց անհատական սուգի թէ ուրախութեան առիթներով կազմակերպուած հանդիսութիւնները: Երկրորդ՝ թարգմանական գրականութեանց գլուխ-գործոց հատոր մը, որ գունագեղ, նկարազարդ, բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ, իր մեծադիր էջերուն վրայ հիւրընկալելով գողթան երգերէն սկսեալ հայ դարաւոր բանաստեղծներու եւ անոնց քերթողական ընտրանիներուն արաբերէն վայելչագեղ թարգմանութիւնը: Աննախընթաց այս հատորը կոչուեցաւ «Մեր Բանաստեղծները։ Հայաստանի Փառքը Կերտողներ»: Գիրքին ստուարաթիւ էջերը յատկացուած են ընտրուած հեղինակներու եւ իրենց քերթողական արուեստը ներկայացնող նմոյշներու, որոնց համապատասխանութեամբ նաեւ տեղադրուած են հայ ականաւոր գեղանկարիչներու պաստառներ, հատորին բոլոր էջերը զարդարելով հայ մշակոյթի նախշերով: Արդարեւ, հայ մշակոյթի նուիրուած անկրկնելի կոթող մը, հայերէնէ արաբերէն թարգմանութեամբ Ժուլի Մրատի, հրատարակութեամբ Լիբանանի «Տար-ըլ-Մրատ» տպագրատան, երկուքն ալ ամբողջական մեկենասութեամբ Երջօ-«Հայրիկ»ի։
Այսօր, աւելի քան երբեք, ես ինծի կ՛ըսեմ․ «Ո՛չ, ո՛չ, երազ չէի՛ն այս բոլորը, այլ աւելի՛ն՝ երազայի՜ն էին․․․»։
Երջօ Սամուէլեան հոս չէ այլեւս. անկասկած մեկնած է՝ միանալու համար մեր իշխանական անմահ բարերարներու փառապանծ փաղանգին: Ան ի կեանս կը մնայ իր տիպարին եւ բարեգործութեանց ընդմէջէն, կը յաւերժանայ մեր բոլորին անմոռանալի ու քաղցր յիշատակներուն, մտքին ու հոգիին մէջ:
Բոլորիս համար Երջոն՝ «Հայրիկ»ը, կ՛ապրի՛։
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի